Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Սասնայ Ծռեր Խումբի Հարցով 60 Անձերու Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Հայաստանի News.am կայքէջը կը հաղորդէ, որ ըստ տեղեկութիւններու 47-ի կը հասնի թիւը անոնց, որոնք Սասնայ Ծռեր անուամբ  Յուլիս 17-ին մուտք գործեցին Երեբունի ոստիկանութեան պարեկապահակային գունդի տարածք, կամ կը մեղադրուին գունդի տարածք մուտք գործած անձերուն օժանդակելու մէջ: Դատական գործին միացուած է նաեւ՝ Ժիրայր Սեֆիլեանի դէմ քանի մը ամիսներ առաջ յարուցուած քրէական գործը, որուն շրջանակին մէջ կան 9 մեղադրեալներ: Այս թղթածրարին միացուած է նաեւ՝ Հիմնադիր Խորհրդարան կազմակերպութեան 5 անդամներուն դէմ յարուցուած քրէական դատը: Միւս կողմէ Սարի թաղի մէջ եւ Խորենացի փողոցին վրայ տեղի ունեցած բախումներուն հարցով, նաեւ կան այլ 27 մեղադրեալներ: Անոնք կը հետապնդուին զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու կամ մասնակցելու մէջ: Նշենք, որ յատուկ քննչական ծառայութեան մէջ, սոյն քրէական գործերով քննութիւն կատարելու համար ձեւաւորուած է քննչական յատուկ խմբակ մը: Քննիչներուն թիւը կը հասնի քանի մը տասնեակի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին