Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղեց ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, շնորհաւորելու համար անոր ծննդեան 65 ամեակը: «Բարձր գնահատանքի արժանի է ձեր աւանդը՝ Հայաստանեաց առաքելական եկեղեցւոյ հզօրացման, պետութիւն-եկեղեցի կապերու զարգացման, Սփիւռքահայութիւնը մայր Հայրենիքին շուրջ համախմբելու, համահայկական կարեւորագոյն ծրագիրներու իրականացման եւ եկեղեցաշինութեան ոլորտներուն մէջ: Աշխարհի մէջ առկայ արդի մարտահրաւէրներու պայմաններու մէջ անգնահատելի է ձեր նպաստը՝ միջեկեղեցական համագործակցութեան խորացման, սփիւռքահայութեան առջեւ ծառացող մարտահրաւէրները դիմագրաւելու խնդիրներուն մէջ: Վստահ եմ, որ այսուհետեւ եւս կը շարունակէք անմնացորդ իրականացնել ձեր վեհ առաքելութիւնը՝ յանուն մեր ժողովուրդի բարօրութեան եւ համազգային նպատակներու իրականացման», -ըսաւ Սարգսեան: