Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնը ժամադրավայրն էր պաշտօնական հիւրերու, մամլոյ ներկայացուցիչներու եւ մշակութասէր հանրութեան, որուն մէջ աչքառու էր երիտասարդութեան մեծ թիւը:
Արդարեւ երէկ՝ Ուրբաթ, 19 Օգոստոս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Զարթօնք»ի կազմակերպութեամբ երկու գիրքերու շնորհահանդէսը կատարուեցաւ Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնի մեծ սրահին մէջ:
Այնտեղ ներկայացուեցան Զաւէն Մսըրլեանի հեղինակած «Մկրտիչ Մսըրլեանի Ազգային-Քաղաքական Գործունէութիւնը» եւ Յովսէփ Արթինեանի պատրաստած՝ «Գուրգէն Եանիգեանի Արարքին Արձագանգներու Եւ Հայ-Թրքական Հակամարտութեան Մասին Հրապարակումներու Մատենագիտութիւն» հատորները:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր ընկեր Սեւակ Յակոբեան: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի փոխ-նախարար Պրն. Սերժ Սրապիոնեան, որ ներկաներուն փոխանցելէ ետք Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնները, իր սրտի խօսքը արտայայտեց, դրուատիքով ու մեծ հիացումով խօսելով երկու գիրքերուն նիւթ հանդիսացող՝ Մկրտիչ Մսըրլեանի եւ Գուրգէն Եանիգեանի անձերուն մասին:
Շնորհահանդէսին Ա. գիրքը համապարփակօրէն ներկայացուց Ընկ. Յովիկ Էօրտէքեան, իսկ Բ. գիրքը ներկայացուց Տոքթ. Թորոս Թորանեան, որ իր խօսքին ընդմէջէն իրեն յատուկ ոճով ոգեւորեց ներկաները եւ ողջունեց ներկայ երիտասարդները:
Խօսք տրուեցաւ նաեւ ազատ լրագրող եւ պատմաբան Գէորգ Եազճեանին, որ իր շնորհակալ դերը ունեցած էր երկրորդ գիրքի հրատարակութեան գործին մէջ:
Ձեռնարկին անակնկալը Հայաստանի Նկարիչներու նախագահին՝ Կարէն Աղամեանի արուեստի գործը հանդիսացող՝ Գուրգէն Եանիգեանին նուիրուած գեղանկարին ցուցադրութիւնն էր սրահէն ներս:
Աւարտին տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն:
Մանրամասնութիւններուն պիտի անդրադառնանք։