Աշխարհի յառաջատար Fastcompany.com լրատուամիջոցը հրապարակած է 10 քաղաքներու ցանկը, որոնք մատչելի են արտասահմանի մէջ ապրելու եւ աշխատելու համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ Armenpress.am-ը։
Այդ քաղաքներուն մէջ է նաեւ Երեւանը:
«Ինտոնեզիայի ծովափերէն մինչեւ Հայաստանի գեղատեսիլ լեռներ: Շատ «ֆրիլանսըր»ներ եւ գործարարներ յաճախ կը փախչին իրենց լուսաւոր գրասենեակներէն եւ արտերկրի մէջ աշխատանք կը գտնեն` փնտռելով աւելի քիչ «աւանդական գրասենեակներ»: Ես նման մարդոց հանդիպած եմ, ես անոնցմէ մէկն եմ»,- գրած է յօդուածագիրը:
Անդրադառնալով Երեւանին` յօդուածի հեղինակը կը նկատէ, որ վերջերս արձանագրուած տնտեսական վերելքը Երեւանի սրճարանները լեցուցած է օտարերկրեայ աշխատակիցներով:
Ապրելու եւ աշխատելու համար 10 մատչելի քաղաքներու ցանկին մէջ յայտնուած են նաեւ Պանկքոկը (Թայլանտ), Չիանկ Մայը (Թայլանտ), Թայփէյը (Թայուան), Ուպուտ Պալին (Ինտոնեզիա), Ֆուքեթը (Թայլանտ), Եոհոր Պահրուն (Մալայզիա), Պելկրատը (Սերպիա), Քուիտոն (Էքուատոր), Հօ Շի Մին Սիթին (Վիեթնամ):