Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Պոլսահայ Լրագրող Արիս Նալճըն Արցախ Այցելելուն Պատճառով Յայտնուած է Ազրպէյճանցիներու «Սեւ Ցուցակ»-ին Մէջ

Պոլսահայ յայտնի լրագրող Արիս Նալճըն, որ 2014-ին այցելած էր Արցախ, նոյնպէս յայտնուած է Ազրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան «սեւ ցուցակ»-ին մէջ:

Ըստ պոլսոյ «Ակօս» օրաթերթին` «Ազրպէյճանի մէջ անցանկալի համարուող անձեր» վերնագրուած յայտնի ցուցակին մէջ Նալճըն 591-րդ անձն է:

Պոլիս ծնած եւ ներկայիս Պելճիքա բնակող հայ լրագրողը 2014-ի իր Հայաստան այցելութեան ժամանակ այցելած էր նաեւ Արցախ եւ ճանապարհորդութեան ընթացքին գրած իր յօդուածը տպագրած էր T24.com.tr թրքական կայքին մէջ:

Պոլսահայ լրագրողի արցախեան թեմայով այս յօդուածէն խիստ անհանգստացած ազրպէյճանցիները՝ այս տարի Արիսը ընդգրկած են իրենց «սեւ ցուցակ»-ին մէջ:

Նշենք, որ ցուցակի հեղինակները յայտարարած են, թէ «եթէ ցուցակին մէջ յայտնուած անձը գիտակցի իր յանցանքն ու հրաժարի յետագային առանց Ազրպէյճանի արտօնութեան Ղարաբաղ մեկնելէն, տուեալ անձին անունը հաւանական է հանուի ցուցակէն»: Մինչդեռ պոլսահայ Արիսը դեռ այդպիսի դիմումով հանդէս գալ չի պատրաստուիր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին