Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Լիբանանի Նախագահի Ընտրութիւնը Ո՛չ Մէկ Ատեն Եղած Է «Լիբանանեան Արտադրութիւն»…

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Հակառակ վերջին օրերուն արձակուած դրական նշոյլներուն՝ ինչ կը վերաբերի Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններու շուտափոյթ կայացման, նամանաւանդ այն դրական սլաքներուն, որոնք արձակուեցան Հըզպալլայի կողմէ այս նիւթին ուղղութեամբ, ես կը մնամ թերահաւատ…:

Կը մնամ թերահաւատ սիրելի ընթերցող, որովհետեւ կը հաւատամ, որ ոչ մէկ ենթահող կայ տակաւին այս հարցին լուծման առընչութեամբ:

Հակառակ Հըզպալլայի ցոյց տուած դրական մթնոլորտին, ինք բոլորէն աւելի լաւ գիտէ, որ չկայ այդ հանգուցալուծումը ապահովող ենթահող…:

Լիբանանի նախագահի ընտրութիւնը սիրելի ընթերցող դուն ալ քաջ գիտես, որ ո՛չ մէկ ատեն եղած է «Լիբանանեան արտադրութիւն»… հետեւաբար ի չգոյէ Իրան-Սէուտական Արաբիա նուազագոյն հասկացողութեան ես կը հաւատամ, որ մենք տակաւին շատ երկար ժամանակ նախագահ պիտի չունենանք…:

Բարի լոյս սիրելի ընթերցող:

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին