Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Քառօրեայ Պատերազմին Վիրաւորուած Հայկ Սէխիլեան Արդէն Ձեռնափայտի Օգնութեամբ Կրնայ Քալել

Ապրիլ 4-ի լոյս 5-ի գիշերը Լեռնային Ղարաբաղի Թալիշի դիրքերէն մէկուն մէջ ականի պայթումէն ողնաշարի կրծքային Տ4 մակարդակի կոտրուածք ստացած պայմանագրային ծառայող Հայկ Սէխիլեան 4 ամիս անց արդէն  ձեռնափայտի օգնութեամբ կրնայ ոտքի վրայ կանգնիլ:

«Բժիշկները սպասում էին, որ 6 ամիս յետոյ ոտքս հազիւ կարողանամ շարժել, բայց 4 ամիս անց, յենակների օգնութեամբ, արդէն քայլում եմ»,- Tert.am-ի հետ զրոյցին ըսաւ Հայկ Սէխիլեան:

Դէպքէն ետք ան 2 անգամ վիրահատուած  է եւ վերականգնողական շրջան կ’անցնէ Հայկական Կարմիր խաչի առողջութեան կեդրոնին մէջ: Զինծառայողի առողջութեան վերականգնման համար տակաւին 1-2 տարի կը պահանջուի:

10 տարի շարունակ Հայաստանի Հանրապետութեան ծառայող Հայկ Սէխիլեան որոշած է ապաքինուելէ ետք  վերադառնալ Պաշտպանութեան բանակ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին