Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

Աստուածահաճոյ Գործ Ընող Ազնուահոգի Կինը…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Տարիքը թիւ մըն է պարզապէս սիրելի ընթերցող, իսկ մեծահոգութիւնը մարդկային բարձրագոյն արժանիքներէն մին:

Նկարին մէջ երեւցողը 99ամեայ ազնիւ կին մըն է Ամերիկայի Իօուա նահանգէն: Ան կը կոչուի Լիլիան Ուէպըր: Ազնուահոգի Լիլիան սիրայօժար կերպով, աւելցուք լաթերու կտորներով օրն ի բուն հագուստներ կը կարէ ու կ՛ուղարկէ Ափրիկէ, որպէսզի ափրիկեցի աղքատ եւ լքեալ փոքրիկներ գեղեցիկ ու գունաւոր հագուստներ հագնին…:

Լիլիանի կարած իւրաքանչիւր հագուստը կը կրէ իր գեղեցիկ Ճաշակին իւրայատուկ հպումը:

Ահաւասիկ Աստուածահաճոյ գործ մը, որու հեղինակին կամքն ու մեծ սիրտը ոչ մէկ սահմանափակում ունին: Լիլիան բարեգործութիւն կ՛արտադրէ կեանքի այն հանգրուանին, ուր իր տարեկիցներէն շատեր ինքզինքնին անպէտք կը զգան:

Յարգանք եւ երախտագիտութիւն իրեն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին