*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամատ Ժաուատ Զարիֆի վերջերս Անգարա այցելութիւնը՝ կրնա՞յ ըլլալ, որ որոշ համաձայնութեան մը յանգեցուց, ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ եւ Իրանի տեսակէտին՝ Սուրիոյ ապագային նկատմամբ…:
Երկու երկիրներու հիմնական անհամաձայնութիւններէն մին մինչեւ օրս, նախագահ Ասատի իշխանութեան վրայ մնալն էր:
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Թուրքիա որոշ ճկունութիւն մը ցոյց տուած է վերոյիշեալ հարցին կապակցութեամբ, համաձայն գտնուելով Ասատի իշխանութեան վրայ մնալը, որոշ ժամանակի մը համար:
Կը մնայ ճշդել, թէ ի՞նչ կը նշանակէ որոշ ժամանակ…: Այդ «որոշ ժամանակ»ի սահմանումի հարցը համաձայնութիւնը կանգուն կը պահէ՞…:
Հետաքրքրական մանրամասնութիւն մը, որուն համար երեւի պէտք է սպասել՝ մինչ սատանան կը կայանայ մանրամասնութիւններու մէջ…: