Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

Պուէնոս Այրէսի «Սարդարապատ» Երկլեզու Շաբաթաթերթը Եւ Ժողովուրդին, Կուսակցութեան Ու Հայրենիքին Անխոնջ Նուիրեալ Խմբագրուհի Տիանա Տէր Կարապետեան

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

Պուէնոս Այրէսի Փալերմօ հայաշատ թաղամասին «Արմէնիա» (նախկին Ասեպէնօ) փողոցին սկիզբը, վեր կը բարձրանայ «Սարդարապատ» կեդրոնը, կառուցուած Ազգային բարերար Ալեք Մանուկեանի նուիրատուութեանբ: Արժանթինի ՌԱ Կուսակցութեան այս կեդրոնատեղիին մէջ լոյս կը տեսնէ նոյնանուն թերթը եւ աշխարհատարած Սփիւռք ու Մայր Հայրենիք կ’ուղարկուի, նաեւ համացանցով կը կարդացուի հազարաւոր ընթերցողներու կողմէ:

Յատուկ ժամադրութեամբ կը հանդիպինք «Սարդարապատ»ի վաստակաշատ ու երկարամեայ խնբագրուհի Տիանա Տէր-Կարապետեանին հետ: Ջերմօրէն կ’ընդունի իր ժողովուրդին, կուսակցութեան, Մայր Հայրենիքին նուիրեալ անխոնջ լրագրողուհին, մտաւորականը եւ գործիչը:

-«1975 թ.-էն ի վեր մեր շաբաթաթերթը կը հրատարակուի Պուէնոս Այրէսի մէջ:  Նախապէս երկշաբաթաթերթ էր, սակայն 1980-էն ի վեր դարձած է շաբաթաթերթ: Ան կը համարուէր որպէս Հարաւային Ամերիկայի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պաշտօնաթերթը՝ սակայն տարիներու ընթացքին ընդլայնեցաւ ընթերցողներուն ցանկը, որ կը տարածուի Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի զանազան գաղութները: Յօդուածներուն մեծամասնութիւնը սպաներէն է, սակայն կրնան կարդալ մեր գաղութին գործունէութիւնը եւ տեղեկութիւններ ստանալ թերթին միջոցաւ:

Դժբախտաբար հայերէն ընթերցողներուն թիւը պակսեցաւ եւ մենք միայն երկու էջ կը տրամադրենք մայրենի լեզուով, որոնք մասնաւորաբար Հայաստանի մասին կ’անդրադառնան: Թերթը կը ստանան բաժանորդագրութեամբ կամ մշակութային, ազգային, հայրենասիրական միութիւններու կեդրոններու մէջ, որոնք կը բաժնեն թերթերը», կը պատմէ խմբագրուհի Տիանա Տէր Կարապետեան:

Հարիւրամեակէ մը աւելի է, որ Սփիւռքի թերեւս ամէնէն կազմակերպուած գաղութը, դիմակայելով քաղաքական եւ տնտեսական բազմաթիւ վերիվայրումներ, աշխարհի ամէնէն հարուստ երկիրներէն մէկուն՝ Արժանթինի մէջ, հայերը կը պահեն իրենց ազգային դէմքն ու ինքնութիւնը, նաեւ ձուլման եւ այլ վտանգներու դէմ: Այդ մերօրեայ «Վարդանանք»ին մէջ անգնահատելի դեր կը խաղան նաեւ «Սարդարապատ» շաբաթաթերթն ու կեդրոնը:

-«Մենք հպարտ ենք մեր գործով. ճիշդ է, որ «Սարդարապատ»ը ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթն է Արժանթինի մէջ, բայց ամենակարեւոր գործը հայապահպանում է: Մեր մշակութային կեդրոնին մէջ ալ արուեստագէտներու գործերը կը ցուցադրենք, ներկայացումներ ու դասախօսութիւններ կը կազմակերպենք, որպէսզի մեր Հայրենիքը ներկայացնենք եւ յատկապէս մեր երիտասարդութիւնը հայ պահենք»- կ’եզրակացնէ քաջարի խմբագրուհին:

                                                                                Պուէնոս Այրէս- Պէյրութ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին