Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Վագըֆի Մէջ Նշուեցաւ Սուրբ Աստուածածնայ Տօնը

Ս. Աստուածածնայ տօնը   նշուած է Թուրքիոյ հայկական  միակ գիւղի՝ Վագըֆի եկեղեցիին մէջ: Այս   մասին  կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա»ն: Կը  հաղորդուի նաեւ, որ Սուրբ Պատարագը մատուցած է  Աւետիս քհնյ. Թապաշեան՝ օրհնելով գիւղացիներուն բերած խաղողը։ Եկեղեցին լեցուն  եղած  է  նաեւ Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն ու Թուրքիոյ զանազան մասերէ ժամանած հաւատացեալներով։ Աւետիս քհնյ. Թապաշեան իր պատգամին մէջ անդրադարձած  է  Ս. Աստուածածնայ տօնի իմաստին,    եւ պատմած,  որ հայերը, ըստ աւանդութեան՝ խաղող չեն ուտեր, մինչեւ որ խաղողը օրհնուի Ս. Աստուածածնայ տօնակատարութեան ընթացքին։ Ան ընդգծած է  նաեւ, թէ Վագըֆ գիւղին մէջ, եղբայրական մթնոլորտի մէջ միասնաբար կ’ապրին քրիստոնեաները, իսլամներն ու հրեաները։ «Աղօթեցինք, որ մեր այս եղբայրութիւնը տարածուի բոլոր ժողովուրդներուն մէջ», -ըսած է  ան։ Հաւաքուած հայերը ճաշակած  են աւանդական հարիսան, ապա հրաժեշտ տուին՝ յաջորդ տարի նոյն վայրը հաւաքուելու խոստումով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին