ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի հերթական նիստին մասնակցող պատուիրակութիւններու ղեկավարները, Օգոստոս 16-ին այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Այս մասին կը հաղորդէ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը:
Նշենք, որ ընդլայնուած կազմով հանդիպումէն ետք՝ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժայի հետ համատեղ յայտարարութեան ժամանակ, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտարարած էր, որ հանդիպումներու ձեւաչափը «իւրայատուկ հնարաւորութիւն է քննարկելու նոր հարցերը` հաշուի առնելով ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակը ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու տարածքին, ներառեալ կովկասեան տարածաշրջանին մէջ ու յստակացնել յետագայ աշխատանքը ռազմական համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ, որ մենք ըրինք օրակարգի ծիրէն ներս»:
Սէյրան Օհանեան նաեւ տեղեկացուցած էր, որ հարցերուն մէկ մասը կապուած էին համախառն ռազմարդիւնաբերութեան զարգացման ու ռազմաճարտարագիտական արդիւնաւէտութեան բարձրացման, ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու միջեւ ռազմական համագործակցութեան կատարելագործման եւ հակաօդային պաշտպանութեան հետ: