Օգոստոս 13-ին Ռուսաստանի մէջ կայացած է «Բանակային միջազգային խաղեր»-ու փակման արարողութիւնը, որ ուղեկցուած է լաւագոյն անձնակազմերու եւ զինծառայողներու պարգեւատրմամբ:
Խաղերու ծիրէն ներս լաւագոյն հետախոյզ ճանչցուած է ՀՀ ԶՈւ վաշտի հրամանատարը: Այս մասին կը յայտնէ razm.info-ն` վկայակոչելով ռուսաստանեան ՌԻԱ «Նովոսթի» գործակալութիւնը: Միւս երկիրները ներկայացնող զինծառայողները հիմնականին մէջ խրախուսական պարգեւներ ստացած են` «Յաղթանակի կամքի համար», «Յաղթանակի եւ գթասրտութեան համար» եւ այլն:
Յիշեցնենք, որ հայ հետախոյզները կը մասնակցէին խաղերու ծիրէն ներս իրականացուող «Զօրային հետախուզութեան գերազանցիկները» մրցոյթին: Մրցոյթի աւարտին ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը սխալմամբ յայտնած էր, որ ՀՀ ԶՈւ հաւաքականը 3-րդ հորիզոնականին է, սակայն վերջնական արդիւնքերով հաստատուեցաւ, որ հայ հետախոյզները 4-րդն էին: