Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

«ԼՂ Հակամարտութեան Վերջնական Կարգաւորումը Կախուած է Կողմերու Քաղաքական Կամքէն». Ուորլիք

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերջնական կարգաւորումը կախուած Է կողմերու քաղաքական կամքէն: Այդ մասին Օգոստոս 16-ին «ՌԻԱ Նովոսթի»ին յայտնած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք:

Անոր խօսքով նախապէս Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ, Հայաստանի ու Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ կայացած հանդիպումները՝ «նոր ազդակ հաղորդեցին հակամարտութեան լայն կարգաւորման բանակցային գործընթացին»:

«Կարեւորը այն է, որ նախագահները վերահաստատեցին հակամարտութեան խաղաղ լուծման իրենց յանձնառութիւնը` սահմանագիծին վրայ յարաբերական կայունութեան պահպանումով։ Բացի այդ աշխուժօրէն քննարկուած են առաջարկներ, որոնք կրնան վերականգնել խաղաղութիւնը կողմերուն միջեւ», -ըսած Է Ուորլիք:

«Մենք կը պահպանենք լաւատեսութիւնը եւ կը հաւատանք, որ այս տարի համանախագահները, բարձրաստիճան պաշտօնատարներու աջակցութեամբ, պիտի շարունակեն աշխատանքը հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ յառաջընթացի հասնելու ուղղութեամբ: Հակամարտութեան խաղաղ ու վերջնական կարգաւորումը կախուած է երկու կողմերուն քաղաքական կամքէն», ընդգծած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին