Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տնօրէնը Մասնակցեցաւ Համահայկական Կրթական 7-րդ Խորհրդաժողովին

1 Օգոստոս 2016-ին, «Առնօ Պապաճանեան»-ի անուան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համահայկական կրթական 7-րդ խորհրդաժողովի բացման հանդիսութիւնը, կազմա-կերպութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ մասնակցութեամբ՝ 19 երկիրներէ ժամանած հայկական կրթական կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու շուրջ 100 ներկայացուցիչներու՝ տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ կրթական մարզի մասնագէտներու։

Այս առիթով ընթերցուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը, ողջոյնի խօսքեր փոխանցեցին Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Ռոպերթ Յարութիւնեան, Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան եւ Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ․ Վարդան Եպս․ Նաւասարդեան։ Ապա Սուրիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ․ Շահան Արք․ Սարգիսեան ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ Կաթողիկոսի ուղերձը։

2-5 Օգոստոսին խորհրդաժողովը շարունակուեցաւ Աղուերանի մէջ, ուր մասնա-կիցները քննեցին Սփիւռքի կրթական ոլորտին մէջ առկայ հիմնախնդիրները, իրագործուող ծրագիրներու բարելաւման ուղիները եւ Սփիւռքի մէջ ազգային, կրթական-դաստիարակ-չական գործին աջակցելու միացեալ ճիգերը։ Խորհրդաժողովը անդրադարձաւ ուսումնական աւանդական խնդիրներուն՝ դասագիրքերու բովանդակութեան, բազմազանութեան, ուսուց-չական կազմերու որակին, Հայաստանի կողմէ ուսումնական-մեթոտական աջակցութեան եւ արտասահմանեան համալսարաններու հայագիտական ամպիոններու գործունէութեան հետ կապուած խնդիրներուն։

Խորհրդաժողովին մասնակիցները նաեւ ծանօթացան Հայաստանի Հանրապետու-թեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի տարբեր շրջաններու կրթական կառոյցներու իրավիճակին եւ գործունէութիւններուն։ Աւարտին, խորհրդաժողովի մասնակիցներու կողմէն ընդունուեցաւ ժողովին տրամադրութիւնները եւ հարցերն ու առաջարկները ներկայացնող բանաձեւ։

Ինչպէս նշեցինք, նշեալ խորհրդաժողովին նաեւ մասնակցեցաւ Ազգային Առաջնոր-դարանի կողմէ Միացեալ Վարժարանի նորանշանակ տնօրէն Թալին Մարտիրոսեան։

 

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

14001687_10154264793175351_1578411501_o

14060259_10154264793125351_35696642_o

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին