Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Քաջատեղեակ Ենք Հակառակորդի Ճամբարին Մէջ Տեղի Ունեցող Գործընթացներէն. Լեւոն Մնացականեան

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար զօրավար Լեւոն Մնացականեան Օգոստոս 11-ին հանդիպում ունեցած է Հանրապետութեան մէջ գործող եւ հաւատարմագրուած զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Artsakhpress.am-ի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ մամլոյ ասուլիսը տեղի ունեցած էր բանակային ուսումնական տարուան առաջին կիսամեակին, ապրիլեան զարգացումներուն արդիւնքները ամփոփելու, ինչպէս նաեւ գործունէութեան ընթացիկ եւ յառաջիկայ կարեւորագոյն ուղղութիւնները փոխանցելու առիթով:

Նախքան լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելը, բանակի հրամանատարը ներածական խօսքով ներկայացուցած է հաշուետու ժամանակաշրջանին արձանագրուած հիմնական գործընթացներու ընդհանուր պատկերը` նշելով, որ պաշտպանութեան բանակը կատարած է իրեն առջեւ դրուած խնդիրները եւ կեանքի կոչած այն բոլոր ծրագրային ուղղութիւնները, որոնք նախանշուած էին 2016-ի պատրաստութեան ծրագիրով:

Խօսելով սահմանագիծին վրայ առկայ մարտավարական եւ իրողական կացութեան մասին` Լեւոն Մնացականեան վստահեցուցած է, որ բանակի հրամանատարութիւնը քաջատեղեակ է հակառակորդի ճամբարին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներէն, եւ կան բոլոր նախադրեալները ինչպէս այսօր, հետագային եւս պահպանելու վերահսկողութիւնը հակառակորդին հաւանական բոլոր քայլերուն նկատմամբ: Նշուած նպատակին հասնելու համար անընդհատ կը կատարելագործուի ճարտարապետական ամրակառոյցներու համակարգը, կը բարձրացուի զօրքերու պատրաստութեան աստիճանը եւ ռազմամթերքի համալրուածութեան մակարդակը:

«Մեր յառաջիկայ ընելիքներուն առաջնահերթութիւնը պայմանաւորուած է ապրիլեան զինուորական գործողութիւններու բազմակողմանի վերլուծութեան արդիւնքներով», -ըսած է զօրավար Լեւոն Մնացականեան` մանրամասնելով, որ անվտանգութեան եւ մարտական մակարդակին, ստորաբաժանումներու մնայուն տեղակայման վայրերուն մէջ զօրքերու մարտավարական պատրաստականութեան աստիճանին շնորհիւ զինուորական գործողութիւններու վերսկսման պարագային, բացի պաշտպանութենէն, պիտի կատարուին նաեւ այլ մարտական գործողութիւններ:

«Արհեստագիտական միջոցներով համալրման շնորհիւ ներկայիս  կարողութիւն ունինք գիշերային պայմաններու մէջ հետախուզութիւն իրականացնել անհրաժեշտ խորութեան վրայ: Ձեռնարկուող քայլերուն զուգընթաց` կը շարունակուին բանակաշինութեան կատարելագործման աշխատանքները: Շուտով կը սկսի բանակային նոր ուսումնական տարին, որուն ընթացքին պաշտպանութեան բանակի անձնակազմը, բացի պաշտպանութենէն, կը նախապատրաստուի այլ մարտական գործողութիւններ վարելուն: Այդ բոլորին հիմքը պիտի ըլլայ  անձնակազմի անվտանգութեան ապահովումը», -շեշտած է պաշտպանութեան նախարար Լ. Մնացականեան` աւելցնելով, որ այդ առումով բանակին մէջ արդէն ստեղծուած են անվտանգութեան խորհուրդներ` փոխհրամանատարներու ընդգրկումով:

Նախարարի ներածական խօսքին յաջորդած են լրագրողներուն հարցումները, որոնք յատկապէս կը վերաբերէին ապրիլեան պատերազմին եւ բանակաշինութեան ընթացիկ փուլին:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, որ նման ձեւաչափով առաջինն էր Լեւոն Մնացականեանի պաշտօնավարման ժամանակաշրջանին, բանակի հրամանատարը կարեւոր նկատած է զանգուածային լրատուութեան դերը, մասնաւորապէս` ներբանակային գործընթացները հանրային լայն շրջանակներուն հասցնելու առումով, եւ յոյս յայտնած է, որ նման հանդիպումները կը կրեն պարբերական բնոյթ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին