*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Լիբանանեան բանակին վերջերս կատարուած ամերիկեան զինուորական օգնութիւնը, պատկան մարմիններու կողմէ բնորոշուեցաւ որպէս կարեւոր՝ ինչ կը վերաբերի անոր քանակին ու որակին:
50 միլիոն տոլար արժողութեամբ Լիբանանեան բանակին տրամադրուած ամերիկեան զինամթերքը, պիտի ծառայէ արեւելեան Լիբանանի ճակատին վրայ՝ բանակի Տաէշի դէմ մղած պայքարին:
Կը մնայ հարց տալ, թէ պէտք էր Տաէշի վտանգը՞ ըլլար, որպէսզի այս օժանդակութիւնը հասնէր Լիբանանեան բանակին, որ տարիներէ ի վեր արեան գնով կը պայքարի ահաբեկչութեան դէմ՝ իր համեմատաբար նախնական միջոցներով…:
Միւս կողմէ ի՞նչ եղաւ սէուտական օգնութիւնը: Արդեօք ան դեռ որքա՞ն յետաձգուած պիտի մնայ…: Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին Լիբանանէն մեկնումն ու դեսպանութեան առաքելութեան սահմանափակումը գործավարի մակարդակով, ի՞նչ կը նշանակէ… ապահովական միջոցառո՞ւմ, թէ յարաբերութիւններու աւելի եւս վատթարացում…:
Աստուած պահէ Լիբանանեան բանակը, լիբանանցիին միակ յոյսն ու ապաւէնը: