Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

Հռոմի Պապը Վատիկան Ճաշի Հրաւիրած Է Սուրիացի Փախստականները

Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսը Վատիկանի մէջ ճաշած է սուրիացի փախստականներուն հետ, news.am-ի հաղորդմամբ` կը փոխանցէ CTV News-ը:

Հովուապետի հրաւէրով ներգաղթեալները եկած են յունական Լեսպոս կղզիէն: Ճաշը տրուած է Վատիկանի Սուրբ Մարթայի տան մէջ, ուր կը գտնուի Ֆրանչիսկոսի անձնական յարկաբաժինը:

Կը նշուի, որ ճաշին մասնակցած են սուրիացի փախստականներու երկու խումբեր, որոնց Ապրիլ 16-ին Հովուապետը այցելած էր Յունաստանի մէջ: Այդ ժամանակ Վատիկան վերդառնալուն ան  իր հետ բերած էր 12 գաղթական:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին