Երէկ՝ Կիրակի, 14 Օգոստոս 2016-ին, Երեւանի մէջ ՌԱԿ-ի «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման հերթական կիրակնօրեայ հանդիպումը կայացաւ՝ Երեւանի «Տինամօ» մարզադաշտէն ներս: Այս Կիրակիի ծրագիրը նուիրուած էր ժամանցային եւ մարզական խաղերու: «Միրաք»ի անդամ պատանի-ուսանողները մրցակցութեան բարձր ոգիով եւ մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան՝ «Միրաք» յանձնախումբի կազմակերպած խաղերուն, անցնելով ընկերային աշխոյժ եւ հաճելի Կիրակի մը:
Այս Կիրակի «Միրաք»ի ծրագիրին հիւրաբար ներկայ գտնուեցաւ, վերջերս աշխատանքային այցով Երեւան ժամանած ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր, Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագիր եւ ՌԱԿ-ի Մամլոյ Դիւանի ատենապետ Ընկ. Սեւակ Յակոբեանը: «Միրաք»ի պատանի-ուսանողները Ընկ. Սեւակին համար յատուկ պատրաստուած պաստառով մը բարի գալուստ մաղթեցին իրեն եւ հետաքրքրութիւն յայտնեցին, եկող շաբաթ անոր հետ առանձին զրոյց մը ունենալու՝ ՌԱԿ-ի եւ ընդհանրապէս սփիւռքեան մամուլի շուրջ:
«Միրաք»ի 4-րդ հանդիպման աւարտին, անդամներն ու ծնողները իրենց շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեցին՝ նման պատեհութեան ստեղծման համար, ուր ամէն Կիրակի առիթը կ’ունենան օգտաշատ թեմաներով եւ ժամանցով հարստացնելու իրենց Կիրակին: