Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչոիթիւնը Այցելեց Նսօտտ Արամ Ա․Վեհափառին

Շաբաթ, 13 Օգոստոս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութիւնը գլխաւորութեամբ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս․Փանոսեանի, այցելեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Ս․Աստուածածին վանքը եւ տեսակցութիւն ունեցաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․Վեհափառի հետ։

Վեհափառը առաջին հերթին յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր Ազգային Վարչութեան, շեշտելով որ լիբանանահայ գաղութը առանցքային դեր ու նշանակութիւն ունի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար եւ անոր կենսունակութիւնը եւ աշխուժութիւնը կարեւոր առաջնահերթութիւններեն նաեւ իրեն համար։ Ան գոհունակութեամբ հաստատեց որ հակառակ շրջանի մէջ տիրող ապահովական անկայուն կացութեան, Լիբանան կը պահէ համեմատական խաղաղութիւն եւ այս ծիրէն ներս, գաղութը կը շարունակէ խանդավառութեամբ իր կեանքը՝ կրօնական, կուսակցական եւ միութենական տարբեր բնագաւառներու մէջ։ Վեհափառը յոյս յայտնեց, որ խաղաղութեան վերահաստատումով, անպայման որ Միջին Արեւելքի գաղութները եւ յատկապէս Հալէպը պիտի վերստանձնեն իրեն վիճակուած դերակատարութիւններըհայ իրականութեան մէջ։ Հետեւաբար ան անհրաժեշտ նկատեց միջին արեւելեան գաղութներու մէջ, ժողովուրդին մօտ կամքի եւ ապագայի նկատմամբ յոյսի պահպանումը եւ արմատացումը։

Վեհափառը ուրախութեամբ անդրադարձաւ Ազգ․Միացեալ վարժարանի աշխատաքներու ընդհանուր գործընթացին, գնահատելով այս ծիրէն ներս բոլորին աշխատանքը։ Ան յիշեցուց, որ լիբանանահայութիւնը պարտի յատուկ գուրգուրանքով եւ նախանձախնդրութեամբ դիմաւորել կրթական այս օճախի բացման եւ գործունէութեան տարբեր հանգրուանները, որպէսզի այլ կրթական հաստատութիւններու կողքին, նորակառոյց այս կրթական հաստատութիւնը իր արժանաւոր տեղը գրաւէ նորահաս սերունդներու հայեցի կրթութեան խիստ կենսական առաքելութեան եւ գաղութի կենսունակութեան երաշխաւորման երթին մէջ։

Իր կարգին, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադառնալով նորընտիր Ազգային Վարչութեան հիմնական ծրագիրներուն եւ առաջնահերթութիւններուն, կարեւորութեամբ հաստատեց, որ Ազգ․Միացեալ վարժարանի ծրագրի յաջող աւարտը կը հանդիսանայ Ազգային Վարչութեան այս հանգրուանի ունեցած առաջնահերթութիւններուն կարեւորագոյնը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառին, որ մի՛շտ ալ զօրավիգ է Լիբանանի Հայոց Թեմի աշխատանքներուն:

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խօսքը փոխանցեց Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Յակոբ Հաւաթեանին, որպէսզի մանրամասնէ Ազգային Վարչութեան այս երկամեակի ծրագիրները ու առաջնահերթութիւնները։

Հաւաթեան ներկայացուց Ազգային Վարչութեան գործունէութեան հիմնական առանցքները, ինչպէս նաեւ այս իմաստով գաղութի եւ Ազգային Առաջնորդարանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները, որոնց համար ան հաւաստիացուց որ Ազգային Վարչութիւնը պիտի փորձէ ամէն ճիգ ի գործ դնել գաղութային կեանքէն ներս յաւելեալ  յառաջխաղացք ապահովելու առաջադրութեամբ։ Ան մանրամասնօրէն բացատրեց նաեւ Ազգային Միացեալ վարժարանի գործունէութեան մեկնարկման ընդհանուր ուղեցոյցը եւ 2017-2018 կրթական տարեշրջանի բացման վերաբերող կարգ մը մանրամասնութիւններ։ Ասոր զուգահեռ, Հաւաթեան անդրադարձաւ վարչութեան տնտեսական օրակարգին յայտնելով, որ այս երկամեակին տնտեսական ծրագիրները ազգապատկան կալուածներու յանձանձումը, ինչպէս նաեւ հասութաբեր ձեռնարկներու ծրագիրներու մշակումը յատուկ կարեւորութեան պիտի արժանանան Ազգային Վարչութեան գործունէութեան մէջ, եւ այս ծիրէն ներս արդէն վարչութիւնը իր կազմէն յատուկ կորիզ մը նշանակած է, որպէսզի աշխատանքներու եւ ծրագիրներու հետապնդումը կարելի ըլլայ իրականացնել ամենօրեայ արդիւնաւէտ հետեւողականութեամբ։ Ան հաստատեց նաեւ որ Առաջնորդ Սրբազան հօր գլխաւորութեամբ վարչութիւնը յատուկ ծրագիրներով պիտի փորձէ Ազգային Առաջնորդարան-ժողովուրդ, ինչպէս նաեւ եկեղեցի-երիտասարդութիւն կապերու ամրապնդման գծով յատուկ աշխատանք տանիլ։ Այս ծիրէն ներս, Վեհափառ հայրապետը գնահատելով Թեմէն ներս Առաջնորդ Սրբազան Հօր ծաւալած կրօնական դաստիարակութեան աշխատանքները, յոյս յայտնեց որ ի մօտոյ, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութենէն կարգ մը անդամներ եւս Լիբանանի Հայոց Թեմի եկեղեցիներէն ներս ստանձնեն կրօնական ու բարոյական արժէքներու տարածման ու խորացման որոշ աշխատանքին։

Ազգային Վարչութեան անդամներու եւ Վեհափառին միջեւ քննարկումներու աւարտին ներկայացուեցաւ նաեւ Վեհափառի գահակալութեան 20-ամեակի, Լիբանանի թեմ այցելութեան եւ Ազգ․ Միացեալ վարժարանի բացման պաշտօնական հանդիսութեանց հետ առընչուած յայտագիրներու ժամանակացոյցը,  որոնք պիտի երկարին  20-27 Նոյեմբեր 2016։

Հանդիպման աւարտին Կիլիկիոյ աթոռի գահակալը իր հայրական օրհնութեամբ եւ բարեմաղթութիւններով անգամ մը եւս հաստատեց իր ամբողջական աջակցութիւնը Լիբանանի Ազգային Իշխանութեանց աշխատանքներուն։

ԱԶԳԱՅԻՆԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին