Իսրայէլի խորհրդարանի «Սիոնիստական միութիւն» կուսակցութեան անդամ Զոհեր Պահլոն կը դժուարանայ կանխատեսել` արդեօք Կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան յանձնաժողովին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման քայլը կը նպաստէ երկրին կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչման:
«Յանձնաժողովը որոշեց Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ գրաւոր առաջարկութիւն ներկայացնել, եւ դժուար է ըսել, թէ արդեօք ատիկա կը նպաստէ Իսրայէլի կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչման: Երկրին մէջ հայ համայնքին հետ զրուցելէ ետք «Մերեց» կուսակցութեան նախագահ Զեհաւա Կալոն որոշեց դադրեցնել խորհրդարանին մէջ այս հարցի անընդմէջ շահարկումը` յուսալով, որ յանձնաժողովին կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչման այս քայլը կը մղէ կառավարութեան ինչ-որ քայլեր ձեռնարկելուն»,-«Արմէնփրէս»-ին հետ զրոյցին տեղեկացուց խորհրդարանի պատգամաւորը:
Յուլիս 5-ին Իսրայէլի խորհրդարանէն ներս «Մերեց» կուսակցութեան նախագահ Զեհաւա Կալոնի նախաձեռնութեամբ քննարկուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը: Քննարկման արդիւնքով Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւը ուղարկուեցաւ Կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան յանձնաժողով:
Օգոստոս 1-ին յանձնաժողովի նախագահ Եակով Մարկին յայտարարեց, որ յանձնաժողովը կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Քնեսէթի պատգամաւոր Զեհեւա Կալոն, մասնաւորապէս, ըսած էր. «Ամէն տարի մենք կեղծ յոյս կու տանք մարդոց, ովքեր նստած են այստեղ: Ատիկա անկեղծ չէ, որ Քնեսէթը անդադար քննարկումներ կը կազմակերպէ այս հարցին շուրջ, առանց որոշում կայացնելու այն մասին, որ Իսրայէլի պետութիւնը եւ օրէնսդիր մարմինը կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը»:
Քնեսէթի պատգամաւորներ Նաչման Շաին, Տով Քէնին, Զոհեր Պահլոն արտայայտած էին միեւնոյն տեսակէտը: