Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

Բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանի 80 Եւ 100 Ամեակներու Նուիրուած Հանդիսութիւն

Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանէն  իմացանք, որ Սփիւռքահայ մեծանուն բանաստեղծ, մշակոյթի աննկուն գործիչ Ժագ Յակոբեանի ծննդեան դարադարձը ու իր բեղուն վաստակի 80-ամեակը հանդիսաւորապէս պիտի նշուի Կիրակի, Հոկտ. 30, 2016. Կլենտէյլի Փրիսպիթիրիան եկեղեցւոյ մէջ. Հասցէ 125 S. Louise Ave.: Երեկոյեան ժամը 6-ին:

Կազմակերպութեամբ Մաշտոց Գոլէճի, բարձր հովանաւորութեամբ ՀՀ Լ.Ա. հիւպատոսարանի եւ հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ ազգային առաջնորդարան, Ամերիկայի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հայոց առաջնորդարան, Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետու- թեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան:

Կազմակերպչական յանձնախումբին մաս կը կազմեն Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւն, Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն, Հ.Բ.Ը.Մ., Իրանահայ Միութիւն, Գալիֆորնիայի Հայ Գրողներու Միութիւն, Իրաքահայ Ընտանեկան Ընկերակցութիւն, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւն, Թէքէեան Մշակութային Միութիւն, Պոլսահայ միութիւն:

Ժագ Յակոբեան հեղինակ է 35 հատորներու. ան նաեւ ծառայած է որպէս հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ Լիբանանի Կենաց Երկրորդական վարժարանի մէջ եւ Փասատինայի Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանին մէջ:

Բովանդակալից յայտագիրը պիտի պարունակէ երկու բանախօսութին, ողջոյնի խօսքեր, վկայութիւններ, նուագներ եւ ասմունք: Նաեւ պիտի ցուցադրուի բանաստեղծին կեանքը ներկայացնող տեսաերիզ մը:

Հանդիսութեան մուտքը ազատ է, սիրով հրաւիրուած է հայ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու եւ ականատեսը դառնալու պատմական աննախընթաց իրադարձութեան մեր համայնքի պատմութեան մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին