*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*
Ֆրանսացի հայերը երաժշտութեան, արուեստի թէ մշակոյթի աշխարհին բազմաթիւ հանրահռչակ դէմքեր տուած են, որոնցմէ շատեր անգնահատելի ծառայութիւն մատուցած են Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը համայն մարդկութեան ծանօթացնելումէջ: Կարելի է յիշել Շառլ Ազնաւուրը, Ժորժ Կառվարենցը, Հանրի Վերնէոյը (Աշոտ Մալաքեան), Սիլվի Վարդանը, Ալէն Միքլին, բանաստեղծ ու յեղափոխական Միսաք Մանուշեանը եւ ուրիշներ: Մեր օրերուն այդ փառաւոր երթը կը շարունակուի, յանձինս երաժիշտ ու երգահան, այժմ փարիզաբնակ Եսայի (էսայի) Ալթունեանի:
Հեռախօսային հարցազրոյց կ’ունենանք իր հետ, քանի որ կարգ մը հանրաճանաչ երաժշտական համերգներ կազմակերպողներ՝ կը ծրագրեն զինք հրաւիրել Պէյրութ, ելոյթներ ունենալու:
-«Ես, Եսայի (էսայի) ֆրանսական անուանակոչութեամբ՝ փարիզահայ երաժիշտ, երգահան ու երգիչ եմ, կ’աշխատիմ ինչպէս արդի թէ հայկական երաժշտութեան, այնպէս ալ օտար դասական թէ «փօփ» էստրատային երաժշտութեան անդաստանին մէջ, ուր փայլած են Մայքըլ Ճէքսընի, Քուինսի Ճոնզի նման «աստղ»եր: Մեծ սէր ունիմ նաեւ ջութակի հանդէպ: Այսինքն՝ հայ մշակոյթն ու երաժշտութիւնը տարածել մասնաւորաբար օտարներու մէջ, որոնք ինչպէս նկատած եմ՝ կը սիրեն, որ հայ եմ ու շատ բարձր կը գնահատեն Հայաստանն ու մեր դարաւոր, անզուգական ստեղծագործութիւնները:
Իմ արմատներս կու գան Արեւմտեան Հայաստանէն ու Կիլիկիայէն: Ցեղասպանութենէ փրկուած Եսայի քահանայ մեծ հայրս եւ տարիներ շարունակ անապատին մէջ, Սուրիոյ ցեղախումբերու կողմէ որդեգրուած եւ ապա Ֆրանսա, հարազատները վերագտած միւս մեծ հայս՝ Նշան: Անոնց կեանքի պատմութիւնը եւ անհաւատալի թուացող փրկութիւնը թուրքին եաթաղանէն՝ զիս ներշնչած են միշտ ստեղծագործելու հայկական շունչով եւ զայն փոխանցելու բազմամշակոյթ ժողովուրդներու, իմ շրջագայութեանս մէջ:
«Ազատատենչ արցախեան լեռնաշխարհ կատարած ճամբորդութիւնս գօտեպնդեց զիս, որպէսզի դիմեմ վճռական քայլերու երգահանի եւ երգիչի դժուարին առաքելութեանս մէջ»- կը պատմէ Եսայի Ալթունեան:
Իսկ որո՞նք են իր ծրագիրները մօտակայ ժամանակներուն, հեռախօսային զրոյցի ժամանակ խօսք ուղղեցինք ֆրանսահայ արուեսագէտին.-
-«Արդէն իսկ պատրաստած ենք Արմենիա ծրագիրը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ ներկայացնել արեւելեան եւ հայկական, նաեւ արեւմտեան երաժշտութիւնը՝ ինչպէս Մայր Հայրենիքի թէ Սփիւռքի, այնպէս ալ օտար ունկնդիրներուն ու համաշխարհային երաժշտութեան միլիոնաւոր հետեւորդներուն: Մեր գլխաւոր նպատակն է Հայաստանը իր մշակոյթով ու երաժշտութեամբ դարձնել խաղաղութեան կամուրջ եւ դրօշակակիր, խռովայոյզ այս աշխարհին մէջ: Այս նպատակով է, որ շուտով պիտի այցելեմ Հայաստան, ձայնագրելու շարք մը նոր երգեր եւ պարային երաժշտութիւն՝ ինչպէս «Քոչարի»ն:
Պէյրութ-Փարիզ (հեռախօսով)