*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Երէկ՝ Հայրենիքի մէջ կեցութեանս առաջին օրը, յատկանշուեցաւ ծանօթներու եւ բարեկամներու հետ տեսակցութիւններով: Մեր խօսակցութիւններու թեմաներէն մէկը միշտ եւ անխուսափելիօրէն եղաւ՝ Հայրենիքի վերջին իրադարձութիւնները:
Շատերուն մօտ զգացի լաւատեսութիւն՝ ինչ կը վերաբերի անցած սեւ ամպին, մինչ ուրիշներու մօտ լսեցի միեւնոյն յանկերգը՝ հայրենի պետական անձերու փտածութեան մասին:
Ընկերային ոչ այնքան յաջող համակարգ ունեցող տակաւին երիտասարդ պետութեան մը քաղաքացիներուն մօտ, կարելի է ինչ որ տեղ բնական համարել թաքնուած մաղձը հանդէպ իշխանութիւններուն, սակայն այն բանը, որ զարմացուց զիս Երեւանի սրճարաններուն մէջ նստած պէյրութահայերու եւ սուրիահայերու գանգատն էր՝ ինչ կը վերաբերի այսպէս կոչուած փտածութեան, կարծէք իրենք Զուիցերիոյ քաղաքացիներ էին…:
Լիբանանահայերը երեւի մոռցած են, որ փտածութեան պատճառով Լիբանան աղբերու մէջ կ’ապրինք, ելեկտրականութիւն հազիւ ունինք, ջուր հազիւ ունինք, բջիջային հեռախօսն ու համացանցի գիծը աւելի վատ են քան ամենայետամնաց երկիրները, իսկ մեզի չտրամադրուող սպասարկութիւններուն համար (services) կը վճարենք կրկնապատիկ… հաշուելու համար փտածութեան չափանիշի երեւոյթներէն մի քանին: Երկիրը տասնեակներով միլիառաւոր տոլարներ պարտքերու տակ է, մինչ իշխանութեան գլուխ հասնող երէկուայ համեստ եկամտատէրերը, այսօր ունին անձնական օդանաւներ…:
Իսկ սուրիահայերն ալ երեւի աչք եւ ականջ փակած են՝ ինչ կը վերաբերի սկզբունքով ամսականաւոր իրենց նախագահին, միայն Լոնտոնի մէջ ունեցած կալուածներուն, որ կը գերազանցէ Անգլիոյ թագուհիին ողջ հարստութիւնը…:
Լիբանանահայեր եւ սուրիահայեր, գոնէ դուք մի խօսիք…: