Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ կրկին տեղի ունեցաւ ամենօրեայ հաւաք` ի պաշտպանութիւն «Սասնայ ծռեր» խումբին: Նախորդ օրերուն նման հաւաքներու ընթացքին խօսքեր արտասանեցին քաղաքացիներ, որոնք իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին երկրին մէջ առկայ խնդիրներու մասին: Ազատութեան հրապարակին վրայ հաւաքուած ցուցարարներուն թիւը մեծ չէր: «Ազատութիւն քաղաքական բանտարկեալներուն» եւ «Սասնայ ծռեր»-ու անդամներուն նկարներով պաստառներ պարզած, անոնք բացագանչեցին «Սասնայ ծռեր»: Մինչ այդ «Դատապարտեալներու հիւանդանոց»-ը գտնուող «Սասնայ ծռեր»-ու անդամ Աշոտ Պետրոսեան, հանդիպում ունեցաւ յօրինող Տիգրան Մանսուրեանի հետ, որմէ ետք դադրեցուց 4 օրեր առաջ սկսած հացադուլը: Պետրոսեանի փաստաբան Արա Պապիկեան նշեց, որ ան արդէն բժշկական օգնութիւն կը ստանայ, որ կը մերժէր հացադուլի օրերուն: Փաստաբանը նաեւ յայտնեց, որ թէեւ Պետրոսեան դադրեցուցած է հացադուլը, բայց պիտի փորձեն հանդիպում կազմակերպել նաեւ անոր ու յօրինող Ռոպերթ Ամիրխանեանին միջեւ: Նախապէս հաղորդուած էր, թէ Պետրոսեան, որ հրազէնային վնասուածք ունի, կ’ուզէ հանդիպում ունենալ յօրինողներ Մանսուրեանի եւ Ամիրխանեանի հետ: