Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութիւնը հաղորդեց, որ մեղադրանք առաջադրուած է ոստիկանութեան երկու սպաներու նկատմամբ՝ լրագրողներու մասնագիտական օրինական գործունէութիւնը խոչընդոտելու եւ խոշոր չափերու գոյքային վնաս պատճառելու համար։ Այդ սպաները վերջին շրջանին կայացած ժողովրդային ցոյցերու ընթացքին, լրագրողներուն դէմ բիրտ ուժ օգտագործած էին ու անոնցմէ քանի մը հոգիին մարմնական վնաս հասցուցած։