Օգոստոս 3-ի առաւօտեան, Սուրբ Երկիրի նորընտիր քիւսթոտ՝ հայր Ֆրանսեսկօ Փաթօ, իր առաջին այցելութիւնը կատարեց Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցաւ պատրիարք հօր հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանէն։
Հանդիպման ընթացքին պատրիարքը շնորհաւորելով նորընտիր քիւսթոտը՝ անդրադարձաւ Հայոց պատրիարքարանի եւ Ֆրանչիսկեան միաբանութեան լաւ յարաբերութիւններուն: Հայր Փաթօ շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար վստահեցուց, որ բարի դրացիական յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին նաեւ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին:
Զրուցակիցները նաեւ անդրադարձան Քրիստոսի լուսաբուխ գերեզմանի նորոգութեան աշխատանքներուն եւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի Հայաստան կատարած այցելութեան: