Անցնող երկու օրերուն Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ, հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտած է շուրջ 60 անգամներ, որու ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած են աւելի քան 935 կրակոցներ: Այս մասին կը յայտնեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պաշտպանութան Նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Պաշտպանութեան Բանակի յառաջապահ զօրամասերը տիրապետելով մարտավարական իրադրութեան, շարունակած են վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն: