Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով, Հալէպի Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, որմէ ետք խաղողօրհնէքի արարողութիւն տեղի ունեցաւ։ Ապա ներկայ հաւատացեալները հաղորդութիւն ստացան եւ օրհնուած խաղողը տարին իրենց բնակարանները: Այս մասին կը յայտնէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը: