Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Սիվրիհիսարի Հայկական Եկեղեցւոյ Բակին Մէջ Հայատեաց Թուրք Քաղաքական Գործիչներու Արձաններ Տեղադրուած Են

Թուրքիոյ Էսքիշեհիր նահանգի Սիվրիհիսար գաւառին մէջ գտնուող հին հայկական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ բակին մէջ, թուրքերը հաստատած են յայտնի անձերու արձաններու թանգարան: «Ակունք»-ին համաձայն այդ մասին կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները:

Ըստ աղբիւրին հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ այսպիսի թանգարան ստեղծելու գաղափարը ներկայացուած է 2011-էն, երբ Թուրքիոյ մշակոյթի օրուան նախարար Էրթուղրուլ Կիւնալը յայտարարած է այդ նախագիծին մասին:

Աղբիւրը կը նշէ, թէ հայկական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ բակին մէջ, որ կարմիր քարերէ կառուցուած ըլլալուն պատճառով յայտնի է նաեւ Քըզըլ քիլիսէ (Կարմիր եկեղեցի) անունով, ներկայացուած են հայատեաց թուրք քաղաքական գործիչներ Աթաթուրքի եւ Քեազիմ Քարապեքիրի, ինչպէս նաեւ տարբեր ժամանակաշրջաններու ստեղծագործած գրողներ Եաշար Քեմալի, Եունուս Էմերի, Քարաօղլանի եւ այլոց արձանները, որոնց թիւը կը հասնի 100-ի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին