Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Մեր Երկիրը Կոչել Իր Անունով՝ ԼԻԲԱՆԱՆ…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Նկատի առա՞ծ ես սիրելի ընթերցող, որ շատ մը լիբանանցիներ, որոնց շարքին նաեւ այսպէս կոչուած պատասխանատուներ, երբ իրենց խօսակցութեան ատեն Լիբանանին կ’ակնարկեն՝ կ’ըսեն «այս երկիրը» (հայտալ պալատ), փոխանակ ըսելու «Լիբանանը»…:

«Այս երկիր»ը հասկացողութեան մէջ ժխտականութիւն մը, նաեւ մերժում մը կայ…:

Վարկաբեկում ալ կայ…:

«Այս երկիր»ը դրուածքը գործածողներուն լեզուն կարծես չերթար «Լիբանան» բառը ըսելու…: Կարծես վանողական բան մըն է ան իրենց համար…:

«Այս երկիր»ը ըսողին համար կարծես Լիբանանը իրեն չի վերաբերիր… կարծես ան կրնայ զայն փոխել ինչպէս կը փոխէ… իր գուլպան…:

Այս մարդոց մի՛ քաջալերեր սիրելի ընթերցող… եթէ ճառախօսութեան ատեն ալ այդ արտայայտութիւնը օգտագործէ՝ մի՛ ծափահարեր անոր…:

Ստիպէ, որ ան մեր երկիրը կոչէ իր անունով՝ ԼԻԲԱՆԱՆ:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին