Վան նահանգի «Մերքուր հապեր» շաբաթաթերթը իր 10 Յուլիսի թիւին մէջ յօդուած մը հրապարակած է՝ Վանի Մոկս գաւառի հայերուն մասին: Հոն նշուած է, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ Մոկսի շրջանի բոլոր հայկական բնակավայրերը 1923-էն ետք թրքական անուններով մկրտուած են, բայց եւ այնպէս շրջանի բնիկները, յատկապէս քիւրտերը, այդ գիւղերն ու աւանները կը յիշեն իրենց հայկական անուններով:
Արշակունիներու օրով Մոկսի մէջ կը գործէր Մոկաց նախարարութիւնը: Մոկսի իշխանը իր զօրագունդով մասնակցած է Աւարայրի ճակատամարտին:
16-րդ դարուն շրջանին կը տիրեն օսմանցի թուրքերը: Մոկսի 49 հայկական բնակավայրերու հայ բնակչութիւնը` աւելի քան 900 ընտանիք, 1915-ին տեղահանուեցաւ եւ զոհ գնաց բռնագաղթի ճամբուն վրայ: Փրկուածները անցան Արեւելեան Հայաստան եւ բնակութիւն հաստատեցին Թալինի, Աշտարակի եւ Սեւանի շրջաններուն մէջ: