Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Աքշեհիրի Հայկական Եկեղեցին Եւ Պատմական Բաղնիքը Աւերակ Վիճակի Մէջ Են

Թուրքիոյ մէջ աւերուած վիճակի մէջ կը գտնուին Աքշեհիրի հայկական եկեղեցին եւ Կեաւուր անունը կրող պատմական բաղնիքը: Այդ մասին ըստ «Ակունք»-ի կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները:

Ըստ աղբիւրին Կեաւուր անունով բաղնիքը արդէն քանդուելու վտանգի տակ է, իսկ պատմական եկեղեցւոյ պատերուն վրայ մեծ ճեղքեր յառաջացած են: Այս եկեղեցւոյ վերականգման ուղղութեամբ տարիներ շարունակ ոչ մէկ քայլ առնուած է, անոր սեփականութեան կալուածագիրը կը պատկանի Աքշեհիրի քաղաքապետարանին:

19-րդ դարուն Աքշեհիրի մէջ տեղւոյն հայկական համայնքին կողմէ կառուցուած եւ հետագային ժամանակ առ ժամանակ մշակութային նախաձեռնութիւններու գործադրութեան նպատակով օգտագործուած այս եկեղեցին, այդպէս ալ չէ վերականգնուած թրքական իշխանութիւններուն կողմէ` հակառակ բազմիցս տրուած խոստումներուն:

Ինչպէս կ՛ընդգծուի հրապարակման մէջ, պատմական եկեղեցին եւ Կեաւուր կոչուող բաղնիքը անհետ կորսուելու եւ ոչնչանալու վտանգի տակ են:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին