Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Ախալցխայի Քաղաքապետարանը Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Կտուրի Վերանորոգման Համար 10 000 Լարի Յատկացուցած է

Ախալցխաի քաղաքապետարանը հայկական Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կտուրի վերանորգման համար 10 000 լարի յատկացուցած է: Վրացական ընդդիմութիւնը դէմ է այս քայլին պատճառաբանելով, որ իշխանութիւնը նախընտրական քայլ կ’ընէ՝ իր ընտրողներու թիւը աւելցնելու: Այս մասին կը յայտնէ akhaltskha.net-ը։

Ախալցխայի քաղաքապետարանի խորհուրդը Օգոստոս 5-ին արտահերթ նիստ կայացուց: Քաղաքապետարանի պատգամաւորները քուէարկեցին պիւտճէի մէջ փոփոխութիւն մտցնելու հարցը: Քուէարկութենէ ետք հայ պատգամաւորներու առաջարկով որոշուեցաւ՝ հայկական Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կտուրի վերանորոգման համար պիւտճէէն 10 000 լարի յատկացնել: Որոշման դէմ եղան Միացեալ ազգային շարժում եւ Նինօ Պուրճանաձէի գլխաւորած Ժողովրդավարական շարժում կուսակցութիւններու պատգամաւորները:

«Ինչու երկու ամիսներ առաջ ծրագրեցին եկեղեցիի կտուրի վերանորոգումը, կարելի էր չորս ամիսներ առաջ կամ ալ անցեալ տարի վերանորոգել: Ընտրութիւններէն յետոյ վերանորոգեցէք, ետքն ալ    10 000 լարիի փոխարէն 40 000 լարի ծախսեցէք, ո՞վ դէմ է, ընդհակառակը», կ’ըսէ Միացեալ ազգային շարժման ներկայացուցիչ Մալխազ Գիքօշվիլին:

Աւելցնենք, որ Ախալցխայի հայ ազգաբնակչութիւնը պակաս հետաքրքրուած չէ՝ «վիճելի» համարուող Սբ. Նշան հայկական եկեղեցւոյ կտուրը ներկելու հարցով, որ ամբողջութեամբ ժանգոտած է ու ժամանակի ընթացքին կը քայքայուի անձրեւներու տակ: Այս հարցը եւս արծարծուած է, բայց մինչեւ հիմա ապարդիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին