Երկուշաբթի, 10. 02. 2025

spot_img

ՌԱԿ-ի «Միրաք» Պատանեկան- Ուսանողական Շարժման 3-րդ Հաւաքը

Երեւանի Թէքէեան կեդրոնէն ներս, երէկ՝ Կիրակի, 7 Օգոստոս 2016-ին, ՌԱԿ-ի «Միրաք» պատանեկան- ուսանողական շարժման անդամները համախմբուած էին, իրականացնելու իրենց հերթական կիրակնօրեայ ծրագիրը: Հաւաքին տարիքային բաժանումով յառաջացած խումբերէն իւրաքանչիւրը ունէր իրեն յատուկ ծրագիրը: Պատանի խմբակի կիրակնօրեան յագեցած էր հայկական առակներով, առած-ասացուածքներով եւ հեքիաթներով, ուր զրոյցի եւ խաղերու հաճելի մթնոլորտի մը մէջ, անոնք առիթը ունեցան փոխանակելու իրենց գիտելիքներն ու նոր տեղեկութիւններ ձեռք ձգել:

Ուսանողական խմբակի անդամները, խմբակային աշխատանքներու եւ թելադրական վարժանքներու միջոցաւ, առիթը ունեցան զարգացնելու միջավայրի մէջ իրենց ընկերներու յատկութիւնները բացայայտելու ունակութիւնները, ճանչնալ իրար (եւ ընդհանրապէս՝ մարդոց) միջեւ եղած տարբերութիւններն ու մշակել այդ տարբերութիւնները ընդունելու գիտակցութիւնը: Աշխատանքային վարժանքները, որ պատրաստուած էին նման կրթամարզանքներ վարող մասնագէտ Օրդ. Վարդի Գույումճեանի կողմէ, կը միտէր նորաստեղծ խմբակի անդամներուն ծանօթութիւնը խորացնել, ինչպէս նաեւ տարբեր մօտեցում եւ մտածելակերպ ուեցող ուսանողներուն բացատրել՝ հասարակութեան մէջ փոխըմբռնման եւ փոխհասկացողութեան կարեւորութիւնը: «Միրաք»ի ուսանողները շատ գոհ մնացին եւ օգտաշատ գտան իրենց ձեռք ձգած ունակութիւնները, որու համար շնորհակալութիւն յայտնեցին Օրդ. Վարդիին, հայցելով նման վարժանքներու յաճախակի կիրառման իրենց փափաքը:

Հանդիպման աւարտին ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանը, «Միրաք»ականներուն ուշադրութեան հրաւիրեց իրենց հաւաքավայր Թէքէեան կեդրոնի առաքելութիւնը: Այնուհետեւ անդրադառնալով աշխարհասփիւռ ԹՄՄ կեդրոններու եւ անդամութեան ազգանուէր գործունէութեան, խօսքը մասնաւորեց ամերիկաբնակ Ընկ. Արա Ահարոնեանին , մատնանշելով անոր ունեցած տարիներու վաստակն ու ներդրումը Թէքէեանի եւ ՌԱԿ-ի գործունէութեանց մէջ, եւ փոխանցեց Ընկ. Արայի եւ մնացեալ ընկերերու խանդավառութիւնը՝ նորաստեղծ «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժումի ստեղծման եւ գործունէութեան առընթեր: Ընկ. Ալեք խօսքի աւարտին ներկաներուն տեղեկացնելով Ընկ. Արայի առողջական վիճակի եւ վերջերս ունեցած վիրահատութեան մասին, «Միրաք»ի անդամները յատուկ պատրաստուած պաստառի մը միջոցաւ  յարգելի Ընկ. Արային բարի եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեցին:

13933426_10154086410923153_293336546_n

n13931559_1254959284522778_376576406_o

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին