*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Արհեստագիտութեան համացանցային աշխարհի վերջին տարիներու երեւոյթներէն է Ուիքիլիքսը (Wikileaks), Անանուն (Anonymous) կերպարը եւ կայքահէնները՝ (hackers) ընդհանրապէս:
Այս անուններուն տակ գործող կողմերը իրենց նպատակը ըրած են՝ փտածութեան թէ այլ անօրինութիւններու վերաբերող լուրեր բացայայտել եւ հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել:
Վերոյիշեալ կողմերուն նպատակներուն շուրջ միշտ ալ կարելի է հարցական ունենալ, սակայն ամենահետաքրքրականը այն է, որ պետութիւններ փոխանակ տարածուած բացայայտումին մանրամասնութիւնը կամ իրաւացիութիւնը ուսումնասիրելու եւ ըստ այնմ հարցաքննելու խնդրոյ առարկայ քաղաքագէտը, պատասխանատուն կամ փտածը, անոնք ընդհանապէս կը հետապնդեն բացայայտող կողմը… եւ թէ ինչպէ’ս այդ կողմը ձեռք ձգած է իր ունեցած տեղեկութիւնը…:
Հետաքրքրական չէ՞ ինքնին երեւոյթ հանդիսացող՝ պետութիւններու եւ պատկան մարմիններու այս զարմանալի ընթացքը…:
Բացատրութիւն մը ունի՞ս սիրելի ընթերցող…: Ես ունիմ:
Յառաջիկային: