Արժանթինի Հայ Կեդրոնի Վարչութիւնը այսու կու գայ սրտի անհուն կսկիծով՝ գուժելու անակնկալ մահը երկար տարիներու իր նախագահին՝ յանձինս Ալպերթօ Ճէրեճեանի, որ երէկ Օգոստոս 5ին սրտի կաթուածի պատճառով յանկարծամահ եղաւ, խոր սուգի մատնելով իր հարազատները, բարեկամները եւ հայ գաղութի անդամները:
Ապերթօ Ճէրեճեան միաժամանակ նախագահն էր Պօղոս եւ Սիրանուշ Արզումանեան բարեսիրական հիմնարկութեան:
Ան հոգիով նուիրուած էր հայ գաղութի ծառայութեան եւ անոր վերելքին, որպէսզի միշտ բարձր պահուի հայ գաղութին անունը տեղական շրջանակներու մէջ եւ յաչս պետութեան:
Անցեալ տարի իր գլխաւորութեամբ եւ գաղութային բոլոր կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ՝ մեծ շուքով նշուեցաւ հարիւրամեակի ոգեկոչումը բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ ձեռնարկներով:
Այս տարի Պապին Հայաստան այցելութեան առթիւ, կրկին գործի լծուած էր կազմակերպչական ճամբով, որովհետեւ Արժանթինէն մեծ թիւով ազգայիններ մեկնեցան հայրենիք, դիմաւորելու համար արժանթինցի Պապը:
Ալպերթօն խստապահանջ եւ բծախնդիր մէկն էր նախ ինք իր հետ եւ յետոյ իր աշխատակիցներուն հետ գործի ժամանակ, մանաւանդ գաղութային ձեռնարկներու միջոցին: Կը ջանար որ ամէն ինչ կատարեալ ըլլայ:
Իսկ ընկերային յարաբերութիւններուն մէջ , հաճելի,զուարթախօս, դիւրահաղորդ եւ մանաւանդ ծառայասէր անձ մըն էր:
Իր մահը մեծ կորուստ մըն է, նախ իր ընտանեկան պարագաներուն, ապա Արժանթինահայ համար, որովհետեւ շատ ծրագիրներ ունէր մտքին մէջ, որոնք մնացին կիսաւարտ:
Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ մնացողներուն ալ Ս. Հոգւոյ համբերութիւն պարգեւէ: