Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Նախնադարեան Ապրելակերպով Լիբանանեան Գործելաձեւ…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Նախամարդուն առանձնայատկութիւններէն է ապրիլ ու ծրագրել օրը օրին՝ ամէն ինչ սահմանափակելով արեւածագէն մինչեւ արեւամուտ:

Լիբանանի ներկայ կացութեան եւ իշխանութեան գլուխ եղող (ան)պատասխանատուներուն վրայ ալ՝ կարելի է այս նախնադարեան գործելաձեւի պիտակը դնել, որովհետեւ ներկայ սպասողական կացութիւնը, որ այնքան ալ նոր չէ, կրնայ տակաւին շատ երկար տեւել, պետութիւնն ու ժողովուրդը ապրեցնելով օրը օրին՝ մինչեւ Աստուած գիտէ երբ:

Թէ մինչ այդ այս սպասողական վիճակը ի՞նչ պիտի արժէ երկիրին, եւ թէ քանի՞ թղթածրարներ պիտի յետաձգուին կամ աւելի եւս հանգուցաւորուին կամ կրնա՞յ ըլլալ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները 3-րդ անգամ ըլլալով յետաձգուին ու խորհրդարանը ինքզինք դարձեալ «նորոգէ»… դարձեալ Աստուած գիտէ:

Մինչ այդ կարելի է միշտ լիբանանեան ձեւով ըսել Ալլա Քարիմ…:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին