Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՍՐՏԱԳԻՆ ԿՈՉ Ռ.Ա.ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ

Այս տարի 95րդ տարեդարձն է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրութեան եւ անոր փառապանծ գործունէութեան: Մեր կուսակցութիւնը 1921ին դարձաւ օրինակը ազգային քաղաքական նոյն ծրագիրները ունեցող եւ գաղափարական տեսլականը բաժնող քաղաքական ուժերու միութեան: Ան դարձաւ իրա՜ւ օրհնութիւն մը Արեւմտեան Հայաստանէն ու Կիլիկիայէն տեղահան, աքսորեալ եւ նահատակ մեր ժողովուրդին համար: 20րդ դարու սկզբնաւորութեան՝ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ իր պապենական հողերէն տեղահանուելով աշխարհացրիւ եղած Հայ ժողովուրդին համար կենսական կարիք մըն էր Ռ.Ա.Կ.-իստեղծումը պատմական այդ շատ կարեւոր հանգրուանին: Ռ.Ա.Կ.-ը դարձաւ նաեւոսկիէ կամուրջը հետզհետէ կազմաւորուող Հայ Սփիւռքին ու վերածնած Հայաստանին, ինչպէս նաեւ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեւ:

Դժբախտաբար, ինչպէս ամէն կազմակերպութիւն, մեր կուսակցութիւնը նոյնպէս ունեցաւ ներքին դժուարութիւններ ու ծագեցան տարակարծութիւններ, որոնց բարւոք լուծումը նամանաւանդ Հայ ժողովուրդի դիմագրաւած մերօրեայ այս դժուարին օրերուն աւելի քան անհրաժեշտ է: Մեր ընկերական շրջանակները, հաւատաւոր կուսակցական շարքերը, մեզի բարեկամ ազգային կազմակերպութիւնները, Հայաստանի պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներն ու Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին յաճախ յորդորեցին մեզ վերամիանալու, անցնելու ազգային շինարար աշխատանքի ու վերադառնալու մեր պարտականութիւններուն՝ հաւասարակշռութիւն մը վերստեղծելու համար մեր ազգային  քաղաքական կեանքէն ներս:

Կը գտնուինք հայրենական ու սփիւռքեան նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման:  Հայաստան իր Ղարաբաղեան նոր առճակատումներով ու միջազգային քաղաքական նոր դասաւորումներով, ինչպէս նաեւ ներքին ընկերային կեանքի անհաւասար զարգացումներով մեզ կը դնեն նոր պատասխանատուութեանց դիմաց:Կարելի չէ մնալ անտարբեր այս իրողութիւններուն ի տես, որոնց միակամ դիմագրաւման առաքելութեան մէջ ՌԱԿ անպայմանօրէն ունի իր կարեւոր դերն ու պարտաւորութիւնները:

Խորաչափելով մեր կուսակցութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները, եւ,գիտակցօրէն կրելով պատասխանատուութեան բեռը, ստանձնեցի Կուսակցութեանս Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետի պաշտօնը:Բոլոր սրտցաւ ընկերներու նման, իմ կարգիս պիտի փորձեմ իրականացնել Ռ.Ա.Կ.-ի բաղձալի եւ ամբողջական միաւորումը: Եւ ուրիշ նպատակ ու շահախնդրութիւն չեմ հետապնդեր եւ կը յուսամ որ միութեան ուղղուած իմ պատգամս կ’ընդունուի իր անկեղծութեան մէջ:

Արդ, վերանորոգուած ոգիով, նոր եռանդով աշխատելու պատրաստակամութեամբ այսու կոչ կ’ուղղեմ ՌԱԿ բոլոր կառոյցներուն, շրջանակներուն, զանազան հատուածներուն եւ մանաւա՜նդ անդամակցութեան՝ վերամիանալու մէկ դրօշի տակ: Ձեռք կ’երկարեմ իւրաքանչիւրիդ, ռամկավար ազատականի գիտակցութեամբ դարձեալ գործի անցնելու եւ վերադարձնելու կուսակցութեանս հեղինակութիւնը եւ վարկը ամէնուրեք:

Ժամանակն է որ դարձեալ մեր լրջախոհութեամբ, փորձառութեամբ, հեռատեսութեամբ, չափաւորութեամբ եւ անբասիր հայրենասիրութեամբ նետուինք ազգային քաղաքական հրապարակ ու բերենք մեր դրական մասնակցութիւնը՝ ի փառս մեր հայրենիքին, ժողովուրդին եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Ատենապետ

Սերխիօ Նահապետեան

6 Օգոստոս 2016

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին