Շաբաթ, 25. 01. 2025

spot_img

«Երեւան Տարազֆէստ 2016»-ը` Արցախի Վերածնունդի Հրապարակին Վրայ

Արցախի մայրաքաղաքի Վերածնունդի հրապարակին վրայ կազմակերպուած «Երեւան Տարազֆէստ 2016» փառատօնին ծիրէն ներս՝ ուշ երեկոյեան ներկայացուած են ձեւաւորողներ Լիլիթ Մելիքեանի, Արամ Նիկոլեանի ու Վահան Խաչատրեանի տարազային եւ մանրանկարչութեան բաղադրիչ պարունակող հագուստներու հաւաքածուներու անհատական ցուցադրութիւնները, որոնք ուղեկցուած են «Միքայէլ Ոսկանեան եւ ընկերներ» երաժշտական խումբի կենդանի կատարումներով:

Երեւանի քաղաքապետարանի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` փառատօնին ծիրէն ներս կազմակերպուած ցուցահանադէս-վաճառքն ու ազգային տարազի եւ արդի հագուստի ցուցադրութիւնները մեծ ոգեւորութեամբ ընդունուած են ե՛ւ ստեփանակերտցիներու, ե՛ւ Արցախի մայրաքաղաք այցելած զբօսաշրջիկներու կողմէ:

Կարեւոր համարելով «Երեւան Տարազֆէստ 2016» փառատօնը Արցախի մայրաքաղաքին մէջ իրականացնելու որոշումը` ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան իր հերթին համոզմունք յայտնած է, որ ձեռնարկը լրացուցիչ խթան կը հանդիսանայ երկու մայրաքաղաքներու մշակութային համագործակցութեան յետագայ խորացման  եւ ընդլայնման համար:

«Տէրեան մշակութային կեդրոն»ի տնօրէն, ձեւաւորող Լիլիթ Մելիքեան նշած է, որ փառատօնը իսկապէս յաջողած է` տարազի տարրերու միջոցով ազգային մշակոյթի հարուստ ժառանգութեան հաղորդակից դարձնելով արցախցիներն ու քաղաքի հիւրերուն նուիրելով ազգային ինքնատիպ տօն:

«Երեւան Տարազֆէստ 2016» փառատօնը, որ 2-րդ տարին անընդմէջ կը  կազմակերպուի Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ «Երեւանեան ամառ» եռամսեայ ծրագիրին ծիրէն ներս, Երեւանի քաղաքապետի ԼՂՀ կատարած պաշտօնական վերջին այցին ծիրէն ներս ձեռք բերուած համաձայնութեամբ այս անգամ հիւրընկալուած է Ստեփանակերտի մէջ:

«Երեւան Տարազֆէստ 2016» երկրորդ փառատօնին իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերած են Ստեփանակերտի քաղաքապետարանը, ինչպէս նաեւ ԼՂՀ տնտեսութեան եւ ԼՂՀ մշակոյթի ու երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին