Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Բակօ Սահակեան Այցելած է Մարտունիի Շրջան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Օգոստոս 4-ին այցելած է Մարտունիի շրջան եւ Կարմիր Շուկայ աւանին մէջ խորհրդակցութիւն հրաւիրած շրջվարչակազմի ու համայնքներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ` նուիրուած 2016 թուականի հացահատիկային մշակաբոյսերու բերքահաւաքի ընթացքին:

ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` նախագահը գոհունակութեամբ նշած է, որ այս տարի Մարտունիի շրջանին մէջ հացահատիկային մշակաբոյսերու բերքատւութեան միջին ցուցանիշը ամենաբարձրն է հանրապետութեան մէջ, իսկ համախառն բերքի ծաւալով շրջանը կը գտնուի երկրորդ հորիզոնականի վրայ։

Երկրի ղեկավարը նշած է, որ արձանագրուած ցուցանիշները հիմք կը հանդիսանան՝ համապատասխան աշխատանքներու արդիւնաւէտ կազմակերպման պարագային՝ յետագայ տարիներուն եւս ապահովելու համախառն բերքի մեծ ծաւալներ:

Նախագահ Սահակեան յստակ յանձնարարականներ տուած է քննարկուած խնդիրներու պատշաճ լուծման ուղղութեամբ:

Նախագահին ուղեկցած են վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանը եւ պաշտօնատար այլ անձինք:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին