Երեքշաբթի, 17. 03. 2026

spot_img

Արիտունցիները Միացան «Իմ Հայաստան» Համահայկական Փառատօնին

*ՄԱՐԻԱՆՆԱ  ԱՆԱՆԵԱՆ*

Օգոստոս 5-ին «Արի տուն-2016» ծրագրի 6-րդ փուլի մասնակիցները ներկայ գտնուեցան Սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական 3-րդ փառատօնի «Խմբերգային արուեստի օրերու» բացման հանդիսաւոր արարողութեան, որուն կը մասնակցէին Ռուսաստանի, Վրաստանի, Լիբանանի, Եգիպտոսի, Էսթոնիոյ, Սուրիոյ, Իրանի, Լեռնային Ղարաբաղի, Հայաստանի երգչախումբերը:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` մինչ համերգային ծրագրի սկսիլը արիտունցիները նախաձեռնեցին իրենց ուրոյն համերգը Ազատութեան հրապարակին վրայ: Երեւանի Եղ. Չարենցի անուան դպրոցին մէջ հայոց լեզուի ամենօրեայ դասընթացներուն ժամանակ 6-րդ փուլի մասնակիցները սորված էին հայկական պարերը եւ ոգեւորուած ստացած գիտելիքներով` համախմբուած կը պարէին` իրենց շուրջպարով գրաւելով անցորդները եւ փոխանցելով տարիներու ընթացքին իրենց մէջ արմատացած հայրենիքի եւ հայ մշակոյթի հանդէպ սէրը:

Այնուհետեւ արիտունցիները միացան «Իմ Հայաստան» փառատօնի մասնակիցներուն եւ լեցնելով դահլիճը ջերմ ծափողջոյններով` աւելի ոգեւորեցին Սփիւռքէն ժամանած երգչախումբերուն: Համերգի աւարտին բեմ բարձրացան ձեռնարկին մասնակից բոլոր խումբերը եւ միասին կատարեցին Ալեքսանդր Յարութիւնեանի «Հայրենիքիս հետ» երգը: Հանդիսատես-մասնակից կապը դարձաւ Հայրենիք-Սփիւռք ամրութեան խորհրդանիշը, հայ ժողովուրդի միասնութեան եւ յաւերժութեան ապացոյցը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին