*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Երէկ աւարտած Ազգային Երկխօսութեան երեքօրեայ ամուլ ժողովներու անլուրջ «կատակ»-ներէն մէկն էր երեւի՝ 25 տարիներէ ի վեր ամէն պարագայի ամբողջովին չգործադրուած Թաէֆի համաձայնագիրի կէտերէն մէկուն՝ խորհրդարանի կողքին ծերակոյտի մը կազմութեան անժամանակ քննարկումը…:
Լիբանանի նախագահի ընտրութեան եւ երեսփոխանական ընտրական նոր օրէնքի օրակարգերով ու այլապէս ալ ծանրաբեռնուած՝ Ազգային Երկխօսութեան ժողովի սեղանին վրայ Լիբանանի մէջ ծերակոյտ մը հիմնելու հարցին քննարկումը ըստ երեւոյթին ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ դէպի առաջ փախուստ ու թղթածրարներու առաձգականութիւն ապահովելու ճիգ…:
Անլուծելի նոր խնդիրներ առաջ քշելը երկխօսութեան ժողովներու ձախողութիւնը ծածկելու համար է երեւի, որ պէտք է վերաբերէր նախագահին անունին շուրջ համաձայնելու եւ ընտրական նոր օրէնքի սեւագիրի մը վրայ կեդրոնանալու…:
Արդիւնք՝ Ազգային Երկխօսութեան ժողովներու այս ռաունտն ալ վերջացաւ առանց շօշափելի արդիւնքի: Սպասենք տեսնելու, թէ մեր խորհրդարանի «աճպարար» նախագահը, ի՞նչ նոր նախաձեռնութեան պիտի ձեռնարկէ յառաջիկային: