1-5 Օգոստոս 2016-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կազմակերպութեամբ, տեղի կ’ունենայ Համահայկական կրթական 7-րդ խորհրդաժողովը, Երեւանի մէջ:
Խորհրդաժողովի ընթացքին կը քննարկուին Հայաստանի եւ սփիւռքի կրթական հիմնախնդիրներն ու անոնց բարելաւման ծրագիրները` ներկայ հրամայականներուն եւ մարտահրաւէրներուն լոյսին տակ:
Սոյն խորհրդաժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնեն Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Տիգրան Ճինպաշեան:
Այս առիթով Շահան արքեպիսկոպոս, յանուն Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, իր խօսքը արտասանեց բացման պաշտօնական նիստի ընթացքին: