ՀՀ կառավարութեան որոշումով` կը ստեղծուի «էներկաիմպեքս» 100 տոկոս բաժնեմասով պետական ընկերութիւն, որ հնարաւորութիւն պիտի ունենայ Իրանէն գնել, ներմուծել եւ արտահանել կազ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
«Որոշումը պայմանաւորուած է նրանով, որ ներկայում ՀՀ-ում չկայ որեւէ կառոյց, որը կ’ունենայ իրաւունք այլ երկրներից, մասնաւորապէս, Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնից գնել, ներկրել եւ որպէս տարանցիկ երկիր արտահանել էլեկտրաէներկիայ եւ կազ: Կառավարութեան այս որոշմամբ նախատեսուած ընկերութեան ստեղծումը կը փակի այդ բացը, եւ մենք երկրում կ’ունենանք կառոյց, որն այդ իրաւունքները կ’ունենայ եւ կ’իրականացնի»,- ՀՀ կառավարութեան նիստին ըսած է ՀՀ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Լեւոն Եոլեանը:
Հիմնաւորման համաձայն` ընկերութեան ստեղծումը հնարաւորութիւն պիտի տայ աւելցնելու բնական կազի ներկրումը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան տարածքէն` առաւել արդիւնաւէտ դարձնելով Իրան-Հայաստան կազամուղի օգտագործումը:
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան իբրեւ արդիւնք՝ կ’իրականացուի կազի եւ ելեկտրականութեան փոխանակում: