Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

ՊԲ Զինծառայողը Մահացու Վէրք Ստացած է Ականի Պայթիւնէն

Օգոստոս 2 լոյս 3-ին Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ հակառակորդը հրադադարը խախտած է 31 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 350 կրակոց:

ԼՂՀ ՊԲ մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` Օգոստոս 2-ին` ժամը 15:00-ի սահմաններուն, ՊԲ արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, ականապայթիւնային մահացու վէրք ստացած է զինծառայող, 1996-ի ծնունդ Գէորգ Արթուրի Յարութիւնեանը:

Դէպքին մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդասմներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին