Շաբաթ, 25. 01. 2025

spot_img

Հայաստան «Դասական-Գունաւոր» Յեղափոխութեան Փորձադա՞շտ

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

Ելլելով խօսքի ազատութեան մեր սկզբունքէն, լոյս կ՛ընծայենք մեր աշխատակիցին այս գրութիւնը, անպայման չկիսելով հոն արտայայտուած կարգ մը տեսակէտներ։
  «Խմբ.»

«Վեջին օրերի իրադարձութիւնները գնահատում եմ մէկ բառով՝ լաւ բեմադրուած խաղ ժողովրդի գլխին կեղտոտ խաղ խաղացին…»:
Դոկտ. Տարօն Յակոբեան
Ստեփանակերտ, պատմաբան

«Լսում էք, հէյ, ձեզ հետ եմ, հային հայի դէմ հանող, հային պառակտող տականքներ. այսօր սպաննուած ոստիկանի արիւնը, երէկուայ վիրաւորների, երկու ու կէս ժամ արնաքամ եղած ոստիկանի արիւնը ձեր խղճին է ու չէք յաջողելու:  Է՜հ Աստուած, ես էն գիտակից հայի, էն գիտակից ընդդիմադիրի, բոլոր Հայրենիքի համար ցաւողների հոգուն մեռնեմ, չթողնենք սրանք տարածուեն, սրանք մեր պետականութեան հիմքերն են փորձում թուլացնել»։
Շուշան Պետրոսեան
Հռչակաւոր երգչուհի, Սպարապետ
Վազգէն Սարգսեանի մտերիմ եւ զինակից

 

«Այսպիսով՝ մենք, դնելով պատասխանատուութիւնը Յուլիսի 17-ի վաղ առաւօտեան Երեւանի Էրեբունիի ոստիկանութեան կայանում տեղի ունեցած իրադարձութիւններու համա- վարչախումբի վրայ, կոչ ենք անում Հայաստանի ժողովուրդին օգտագործել իր սահմանադրական իրաւունքը եւ կառավարութեան համակարգի (սահմանադրական կարգի) փոփոխութիւն պահանջել»:
Policy Forum Armenia
Յեղաշրջման փորձի պատուիրատու

 

«Անէծքի բուն բոյն էք դուք… ամերիկեան դրամաշնորհները (գրանտները)  իշխանաւորների հետ կիսողներ…։ Չենք վստահում Ձեզ, մենք մեր ձեւով կը պայքարենք ու զոհ էլ չենք տայ: Վաղը կամ միւս օրը, էդ զոհուած տղերքի հարազատները յարձակուելու են փողոցում ձեր վրայ… ետ կանգնէք ձեր դաւադիր քաղաքականութիւնից»
«Հասարակ հայ»
Ժողովուրդին ձայնը  համացանցով…

 

lik.am-ը Lur.am-ից ուղիղ եթերում յայտնում է, որ քիչ առաջ իրենց է զանգահարել Հիմնադիր խորհրդարանի անդամ Վարուժան Աւետիսեանը, ով նշել է, որ իրենք որոշել են ժամը 20,00-ին զէնքերը վար դնել եւ յանձնուել իշխանութիւններին:
«Ժողովուրդ»

Հայաստանի մէջ «դասական եւ գունաւոր» յեղափոխութիւն կայացնելու պարարտ հող եւ անցեալի փորձ կար:

Ապականած իշխանական վերնախաւ, անսահման հարստութեան տիրացած «ընտրանի» եւ ծայրայեղ չքաւորութեան մէջ տապլտկող ժողովուրդ:

Առաւել՝ վերջերս Արցախի ռազմաճակատի վրայ որոշ ձախողումներ, բանակցային գործընթաց եւ անընդհատ քարոզչական գրգռիչ յայտարարութիւններ, թէ Արցախը յանձնելու են…։ 1999 թ.-ի Հոկտեմբեր 27-ի «չբացայայտուած» խորհրդարանի եղեռնագործութիւն եւ 2008 թ.-ի Մարտ 1-ի տխուր իրադարձութիւններ ու տակաւին չսպիացած վէրքեր: Ուրեմն երբ Սուրիոյ թէ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ նախագահ Փութին օրհասական պայքարի մէջ էր Նացիստ Պանտերականներու եւ արիւնախում ծայրայեղականներու դէմ եւ մազ մնացած էր հիւլէական պատերազմի վերածուէր Էրտողանեան Թուրքիոյ դէմ ռազմաքաղաքական իրավիճակը՝ հարկաւոր էր այս անգամ «խառնակել» Հայաստանը, ուր կան ռուսական սահմանապահ զօրքեր, ռազմակայան «Փոլիկօն», տնտեսական եւ ռազմական հաստատութիւններ, հրթիռային եւ հիւլէական համակարգեր, դաշինք Հայաստանի հետ՝ մինչեւ 2054 թուականը…:

Արդէն իսկ Կիւմրիի զօրակայանէն ռուս խելագար զինուորի մը կատարած աններելի ոճիրը, Ռուսաստանի զէնքի վաճառքները Ազրպէյճանին (եւ 1 միլիառ 200 միլիոն տոլարի զէնքերու նուիրաբերում Հայաստանին… 1998 թ.-էն ի վեր), շահագործուեցան  հակառուսական «հիսթերիա»ն տարածելու հայ տկարամիտներու մօտ, որոնք այս օրերուն Թուրքիան վեր կը դասեն… Ռուսիայէն՝ վկայակոչելով նոր  Հիթլեր Էրտողանի իբր թէ «բարեկարգում»ները, հազարաւոր զոհերով եւ քաղբանտարկեալներով:

Միաժամանակ քաղաքամայր Երեւանի թէ Սփիւռքի որոշ գաղթօճախներու մէջ, Policy Forum Armenia եւ այլ յայտնի ու անյայտ անուններով, ԱՄՆ-էն  թէ արեւմտեան որոշ պետութիւններու դրամաշնորհներով եւ ֆինանսաւորմամբ, պատրաստուեցաւ «գունաւոր յեղափոխութիւն» եւ զէնքի միջոցով իշխանութիւնը տապալելու ծրագիր, որուն պատկառելի գումարներ տրամադրեցին նաեւ Ռուսիոյ թէ այլ հայ «օլիկարխիկ» վերնախաւի որոշ տարրեր, որոնք խիստ դժգոհութիւն ունէին բազմաթիւ խախտումներու մէջ վատահամբաւ Սաշիկներու, Լֆիկներու, Նեմէցներու դէմ: Այնպէս որ գունաւոր յեղափոխութեան թատերգութիւնը պատրաստ էր, այն ալ Հայաստանի թէ տարածաշրջանի համար չափազանց բարդ օրերուն, ամրան զբօսաշրջիկութեան թէ հայրենադարձութեան ալիքի սկզբնաւորութեան Սուրիայէն թէ Իրաքէն, մինչ հազարաւոր մարդիկ Մայր Հայրենիքի մէջ իրենց բնակարանը ունենալու արշաւի սկսած էին, հեռաւոր Ամերիկաներէն թէ Եւրոպայէն ուսանողական, միութենական, կուսակցական խումբեր, Հռոմի հայասէր Ֆրանցիսկոս Պապի այցելութիւն, 2015 թ.-ի համաշխարհային մակարդակով Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչում եւայլն:

Այսօր Հայաստանը խառնակել ուզող մեծ տէրութիւնը եւ անոնց մանկլաւիկները, իրենց այս ծրագրած քայլով հետեւեալ նպատակները փորձեցին հետապնդել.-

1-Խախտել հայ պետականութեան հիմքերը, ֆաշիստական- ոճրագործական յարձակմամբ հայու արիւն թափել տալ հայու ձեռքով, որբացնելով անմեղ մանուկներ:

2- Տնտեսական ծանր հարուած տալ երկիրին մեծ եկամուտներ ապահովող զբօսաշրջիկութեան, կասեցնելով նաեւ Մայր Հայրենիք մասամբ թէ վերջնականապէս հաստատուող  հազարաւոր սփիւռքահայերու վերադարձը:

3- Զարկ տալու, որ նաեւ ոստիկանական անսանձ բիրտ ուժեր, արիւն թափեն նոյնքան անսանձ ցուցարարներու, որոնցմէ շատեր եկած էին արդար պահանջներ իրականացնելու Երեւանի հրապարակներուն վրայ:

4-Վարկաբեկել սփիւռքահայ 70-ական թուականներու հայ ազգային-ազատագրական պայքարը, «Զոմպի» դարձնելով (ըստ Ա.Ս.Ա.Լ.Ա.-ի հայաստանաբնակ վեթերան մարտիկներու խօսքով) աչազուրկ եւ հաշմանդամ Ալեք Ենիգոմշեանը, որ Մայր Հայրենիք տեղափոխուած էր Արցախի հերոս Մոնթէ Մելքոնեանի եւ տիկնոջ՝ Սեդայի ջանքերով ու զինուորագրուած արցախեան հերոս գնդապետերու եւ սպայի արիւն թափող նորելուկ «փրկիչ»ներու կողմէ՝ հարուածի տակ դնելով Հայոց Ազգային բանակի ծառայութեան մէջ գտնուող հերոս Մարտիրոս Ժամկոչեանը եւ ուրիշներ:

Այս բոլորին արդի՞ւնքը, քաղաքամայր Երեւան տակն ու վրայ եղաւ: Ժղովուրդը պառակտուեցաւ: Հազարաւոր մարդիկ դարձեալ հիասթափեցան, բայց մեծ տէրութիւնները, գլխաւորաբար Երեւանի փառաւոր մէկ տարածքին վրայ բազմած ԱՄՆ-ի դեսպանատունն ու գլխաւոր խառնակիչ դեսպան Միլզ եւ ըստ ամբաստանութիւններու անոր գործակիցը՝ նախագահ դառնալու մարմաջէ տառապող Ռաֆֆի Յովհաննէսեան, էջը դարձուցին ձախողած եւս մէկ գունաւոր յեղաշրջումի փորձի, տերեւաթափ ընելով Հայաստանը:

                                                                      Երեւան- Պէյրութ (Հեռախօսով)

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին