Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

«Կամ Վահանովդ Կամ Վահանիդ»

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Ամէն տարիք իր վարդն ունի, ըսենք. թէեւ երբեմն անոր փուշերը ա՛յնքան հատու կրնան ըլլալ… փշատենի կոչուելու չափ: Բայց առանց փուշի ալ վարդ չ’ըլլար. իսկ մեծ հօր համար ամենահաճելին թոռներն են. փշատենիները վանելու, քիչ մը յոյսի հաշւոյն, որոնց մէջ կը տեսնէ նաեւ իր անցած մանկութիւնը՝ ինքզի՛նք, ի հարկէ:

Ուստի, երկամեայ թոռնուհիիս հետ պարտէզ գացինք: Կը սիրեմ զինք քիչ մը առանձին թողուլ այլ փոքրերու հետ, ի հարկ է միշտ հետամուտ, մանաւանդ երբ պարտէզն ալ հանրային է եւ հոս՝ Լիբանան…։ Մի քանի պզտիկներ խմբուեցան, քիչ մը շարժում… եւ յանկարծ պզտիկներէն մին թոռնուհիիս հարուած մը տուաւ ձեռքով. այս վերջինը մնաց սառած, ինչպէս նաեւ՝ ես. ըսի.- անբնական բան մը կայ այստեղ, ինչո՞ւ թոռնուհիս չի փոխադարձեր. բայց պահ մը ետք կատարուեցաւ սպասածս ու հանգստացայ (վերջապէս… Մուսա Լերան շառաւիղն է…):

Բնութեան դրուածքն է այս. ամէն կենդանի ունի յարձակողական եւ պաշտպանողական դրութիւն ի շահ գոյատեւումի: Կռուի՛ր կամ փախիր…։

Ո՞ր հայը չէ լսած Մեծն Տիգրանի մասին… մի՞թէ մեր աշխարհակալը ծաղկեփունջերով ընդարձակեց իր գրաւած տարածութիւնները (երկիրները): Յաճախ կը սիրենք չքմեղանալ… ու մենք մեզ ներկայացնել իբրեւ խաղաղարար, ո՛չ ռազմատենչ ու գերադաս, թէեւ կը կարդանք՝ «Մենք մեզ ոչ ոքից չենք գերադասում» (Պ. Սեւակ), մինչդեռ այդ խօսքն անգամ ինքնին գերադասութեան փաստ մըն է…։

Ի հարկ է տեղի սղութեան պատճառաւ պիտի տամ մի քանի տողեր (հետաքրքուողները կրնան դիմել Մ. Աբեղեան, Ա. Հատոր, Երեւան, 1966, էջ 194-195):

«Իսկ թագաւորն Տրդատ
Զամենայն ժամանակս իւրոյ թագաւորութեան
Աւերէր, քանդէր զերկիրն պարսից թագաւորութեանն
Եւ զաշխարհն Ասորեստանի,
Աւերէր եւ հարկանէր ի հարուածն անհնարինս:
Եւ այլն…։
Տեսա՞ք որքան բարեսիրտ ենք… եւ ոչ ոքի թշնամի…։
«Պարզապէս մեր բախտն ուրիշ է եղել»… (Պ. Սեւակ):
Պարզապէս…։

Պարզապէս չենք կրցած մեր «Բախտը» ԿԵՐՏԵԼ, կամ՝ ՏՆՕՐԻՆԵԼ: Տակաւին արուեստ ըսելով կը հասկնանք գեղարուեստը. իսկ գրականութեամբ զբաղողը կը կոչենք «մտաւորական»՝ մոռնալով, որ ՄԱՐՏԱՐՈՒԵՍՏ ալ գոյութիւն ունի… Չինաստանը վկայ: Վերջապէս բանաստեղծ ժողովուրդ…։
«Քեզ արուեստով պիտի սիրեմ.
Գիտնայի՜ր»:
Այս ալ ամուրի, եւ ի հարկ է անզաւակ մեր Վ. Թէքէեանն է…:

Սակայն այս ամէնով չենք ուրանար եւ ներքին ճակատի «հերոսութիւնները» եւ երբեմն-երբեմն պոռթկացող ըմբոստութիւնները արտաքին ճակատի… երբ… ինչպէս կ’ըսեն «դանակը ոսկորին հասած է», բայց ճշմարտութիւն մըն ալ կայ անխափան.- «Խաղաղութեան շրջանին պատերազմի կը պատրաստուին»:

Վերջերգ.-
Կեանքը ինքնին պատերազմ է, գոյակռիւ:

Յիշէ սպարթացի մօր խօսքը.- «Վահանո՛վդ կամ Վահանիդ»: (Այլասերում, Ռ. Սեւակ):

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին