3 Օգոստոսին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ` ԵԱՀԿ առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու սահմանագիծին վրայ ծրագրային դիտարկում իրականացուցած է Ասկերանի ուղղութեամբ Պաշ Քարուենտ բնակավայրին մօտակայքը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուական վարչութենէն:
ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնական Իրժի Ապերլեն (Չեխիա) եւ ԵԱՀԿ ԳՆԱՆ գրասենեակի աշխատակից Փեթըր Սուետպըկը (Շուէտ):
Սահմանագիծին հակառակ կողմէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Գասպշիկը եւ անոր դաշտային օգնական Խրիսթօ Խրիսթովը (Պուլկարիա):
Դիտարկումը անցած է ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին, եւ չեն արձանագրուած հրադադարի խախտումներ: Սակայն ազրպէյճանական կողմը ԵԱՀԿ առաքելութիւնը չէ տարած իր յառաջապահ դիրքերը:
Դիտարկման առաքելութեան ղարաբաղեան կողմէն ուղեկցած են ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները: