Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

«Տիւնեայըն Սոնը Կէլմիշ» (Աշխարհի Վերջը Եկեր Է)…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Վերջերս տեղական հեռատեսիլի կայաններ իրար հետ մրցումի մէջ են, թէ ո՞վ առաջին դիրքը կը գրաւէ՝ ինչ կը վերաբերի հետեւողերու թիւին եւ թէ իր ո՞ր ծրագիրը կամ ցուցադրած ֆիլմը աւելի ակնդիր կը գրաւէ…:

Այս ծանուցողական եւ իրար դէմ կէտեր արձանագրելու մրցոյթը հակառակ այն իրողութեան, որ ծանուցող կը գրաւէ, պէտք չէ «կուրցնէ» ակնդիրները…:

Ո՛չ այն ամէն ինչը, որ շատ կը տարածուի, սիրելի ընթերցող, անպայմանօրէն լաւագոյնն է ու որակաւորը: Պոռնկագրութիւնն (փորնոկրաֆին) ալ շատ արագ եւ լայն տարողութեամբ կը տարածուի…: Այս մէկը ուրեմն կարելի՞ է որպէս լաւի չափանիշ որդեգրել…:

Իմ համեստ կարծիքով լիբանանեան (կարելի է նաեւ ընդհանրացնել) հեռատեսիլի արուեստը կ’ապրի անկումի օրեր…: Այսպէս կոչուած ընկերային ծրագիրները (բացառութիւնները յարգելի են), մարդոց տկարութիւններն ու խելքի պակասը կ’օգտագործեն՝ ուրիշ մարդոց ուրախացնելու կամ զբօսցնելու համար: Վերջին օրերու դերասանուհիները շատ յաճախ պարզապէս բնորդուհիներ (model) են կամ գեղեցկութեան մրցոյթներու նախկին թափնեկիրներ, որոնք դերասանական արուեստէն կը հասկնան այնքան՝ որքան ես կը հասկնամ… չինարէն…:

Իմաստազուրկ ֆիլմեր կը կրկնուին հա կը կրկնուին, ուժը տալով մարմինի ու զգեստի ցուցադրութեան եւ… իգականութեան…:

Բեմադրութիւնն ու նկարահանումը աւելի արտադրութեան հսկայութեամբ զբաղած են քան ներկայացուած նիւթով…:

Շատ քիչ բացառութեամբ շնորհքով բնագիրի (սենարի) մը կարելի է հանդիպիլ: Անոնց մեծամասնութիւնը աւելի կ’արտացոլացնէ ակնդիր զանգուածին մակերեսայնութիւնը՝ քան թէ կը դաստիարակէ կամ նիւթ մը կը փոխանցէ անոնց…:

Այս իրավիճակն ու ճաշակի եւ մակարդակի ամենօրեայ անկումը, դէպի ո՞ւր կ’առաջնորդեն մեզի չեմ գիտեր…:

Ժամանակին մեծ մայրս ի տես հեռատեսիլէն ցուցադրուած խայտառակութեան եւ կարճ փէշին ու բաց կուրծքերու շեշտադրումին՝ «տիւնեայըն սոնը կէլմիշ» (աշխարհի վերջը եկեր է) կ’ըսէր:

Դուն ի՞նչ կ’ըսես սիրելի ընթերցող…:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին